Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վրաստանի Նախագահի Թեկնածու Սալոմէ Զուրապիշվիլի. «Սահակաշվիլին Թուրքերուն Վրացական Քաղաքացիութիւն կը Բաժնէր, Իսկ Ջաւախահայերուն՝ Ոչ»

Վրաստանի Նախագահի Թեկնածու Սալոմէ Զուրապիշվիլի. «Սահակաշվիլին Թուրքերուն Վրացական Քաղաքացիութիւն կը Բաժնէր, Իսկ Ջաւախահայերուն՝ Ոչ»

by MassisPost

Վրաստանի նախագահի թեկնածու Սալոմէ Զուրապիշվիլին Ջաւախք կատարած նախընտրական այցի ընթացքին պնդած է, թէ նախկին նախագահ Միխէիլ Սահակաշվիլին  խտրական  մօտեցում ունէր հայերու եւ թուրքերու հանդէպ:

«Նախկին նախագահը վրացական քաղաքացիութիւն կը շնորհէր թուրքերուն, որոնք բնակութիւն կը հաստատէին Բաթումիի մէջ եւ մինչեւ այդ որեւէ կապ չէին ունեցած Վրաստանի հետ: Նախկին նախագահը թուրքերուն քաղաքացիութիւն կը բաժնէր, իսկ ձեզի` ոչ», -յայտարարած է Սալոմէ Զուրապիշվիլին:

Վրացական ընդդիմութիւնը, որ հիմնական բաղկացած է Սահակաշվիլիի նախկին եւ ներկայ կողմնակիցներէն, բաւական ջղային արձագանգած է Զուրապիշվիլիի` ջաւախահայերու հետ հանդիպումներու ժամանակ հնչեցուցած այս յայտարարութիւններուն:

«Մենք եւս մէկ անգամ համոզուեցանք, որ տիկին Զուրապիշվիլին մեր պետութեան թշնամին է: Ինչպէ՞ս կրնաս դուն երկրի նախագահի պաշտօն զբաղեցնել, երբ ազգային փոքրամասնութեան ներկայացուցիչներուն կը դիմես նման յայտարարութիւններով, երբ քու երկրիդ հայազգի քաղաքացիներուն կ’ըսես, թէ նախկին իշխանութիւնը թուրքերուն քաղաքացիութիւն կը շնորհէր, իսկ հայերուն`ոչ», – ըսած է Միխէիլ Սահակաշվիլիի հիմնադրած «Ազգային միացեալ շարժում» կուսակցութեան ղեկավարներէն Նիքա Մելիան:

Ընդդիմադիր «Եւրոպական Վրաստան» կուսակցութեան կողմէն նախագահի թեկնածու առաջադրուած Դաւիթ Պաքրաձէն եւս համոզուած է, որ երկրի բարձրագոյն պաշտօնին յաւակնող անձի կողմէն նման յայտարարութիւններ հնչեցնելը երկրի մէջ ազգամիջեան ատելութիւն սերմանելու նպատակ ունի:

«Այդ յայտարարութիւնները հիմնազուրկ են եւ որեւէ առնչութիւն չունին նախագահի դիրքորոշման հետ: Եթէ տիկին Զուրապիշվիլին բարի ըլլար լսել այդ մարդոց, ան կը հասկնար,որ խնդիրը Արդարադատութեան նախարարութեան դիրքորոշման մէջ է», – նշած է Պաքրաձէն` յատուկ յիշեցնելով, որ ջաւախահայերու քաղաքացիութեան խնդիրը ողջ սրութեամբ ի յայտ եկաւ «Վրացական երազանքի» իշխանութեան տարիներուն:

Պաքրաձէն, ի դէպ, այս հարցի առումով մասամբ իրաւացի է: Երկքաղաքացիութիւնը բացառող դրոյթը Վրաստանի հիմնական օրէնքին մէջ տեղ գտաւ Միխէիլ Սահակաշվիլիի նախագահութեան վերջին տարիներուն իրականացուած սահմանադրական փոփոխութիւններու արդիւնքով: Անոր հետեւանքով, սակայն, թէ՛ վրացական եւ թէ՛ հայկական կամ ռուսական անձնագիր ունեցող ջաւախահայերը ծանր ընտրութեան առաջ կանգնեցան արդէն «Վրացական երազանքի» իշխանութեան տարիներուն` 2012 թուականէն ետք: Պաշտօնական տուեալներու համաձայն 2012-2018 թուականներուն սահմանադրական փոփոխութիւններու հետեւանքով Վրաստանի քաղաքացիութենէն շուրջ 30 հազար մարդ հրաժարած է: Անոնց 80 տոկոսը ազգութեամբ հայեր էին:

Այժմ արդէն հայերէն շատերը կ’ուզեն վերադարձնել վրացական քաղաքացիութիւնը: անոնց նման կոչով դիմած է նաեւ Սալոմէ Զուրապիշվիլին: «Երկքաղաքացիութիւնը այլեւս արգիլուած չէ, ուստի այսօրուընէ կրնաք դիմում ներկայացնել քաղաքացիութեան վերականգնման վերաբերեալ: Ուղղակի պէտք է տարրական վրացերէնի եւ երկրի պատմութեան վերաբերեալ գիտելիքներու տիրապետել», – յայտարարած է նախագահի թեկնածուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment