Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ֆրանսայի Դեսպան. «Վստահ ենք՝ Ֆրանքոֆոնիայի Գագաթնաժողովը Լաւագոյն Կերպով Պիտի Ընթանայ Հայաստանի Մէջ»

Ֆրանսայի Դեսպան. «Վստահ ենք՝ Ֆրանքոֆոնիայի Գագաթնաժողովը Լաւագոյն Կերպով Պիտի Ընթանայ Հայաստանի Մէջ»

by MassisPost

Ֆրանսան վստահ է, որ հայաստանեան ներքաղաքական զարգացումները իրենց անդրադարձը պիտի չունենան Երեւանի մէջ նախատեսուած Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովին վրայ, եւ Հայաստանը պատշաճ կերպով պիտի իրականացնէ այդ միջոցառումը՝ «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան ըսած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը:

«Ցանկացած դեսպանութիւն միշտ ուշադիր է այն երկրի ներքաղաքական իրադարձութիւններու նկատմամբ, ուր կը գործէ: Բնականաբար, մենք չենք խառնուիր ներքաղաքական զարգացումներուն: Կապի մէջ եմ հայաստանեան ընթացիկ իրադարձութիւններու բազմաթիւ մասնակիցներու հետ, եւ մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանը պիտի հիւրընկալէ Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովը»,-ըսած է դեսպանը՝ շարունակելով․ – «Եկող շաբաթ ամբողջ աշխարհը պէտք է հանդիպի Երեւանի հետ: Հայաստանի համար սա պատմական իրադարձութիւն է, եզակի հնարաւորութիւն՝ շփուելու, կապ հաստատելու ֆրանքոֆոն աշխարհի հետ: Մենք կը հաւատանք, որ գագաթնաժողովը լաւագոյն կերպով կ’ընթանայ Հայաստանի մէջ»:

11-12 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ գագաթնաժողովը, եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, երեկուայ դրութեամբ իրենց մասնակցութիւնը յաստատած են 26 պետութեան ղեկավարներ, 2 երկիրներու փոխնախագահներ, Մոնաքոյի արքայազնը, 9 վարչապետեր, 3 փոխվարչապետներ: Կը սպասուի, որ գագաթնաժողովին մասնակցելու համար Երեւան ժամանեն շուրջ 3 հազար 500 հոգի:

Գագաթնաժողովին մասնակցելու համար Երեւան պիտի ժամանէ նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, եւ անոր այցը միաժամանակ պիտի ըլլայ Ֆրանսայի նախագահի պետական այցը՝ Հայաստան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment