Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գաղտնալսուած է ԱԱԾ-ի եւ ՅՔԾ-ի Ղեկավարներու Հեռաձայնային Խօսակցութիւնը

Գաղտնալսուած է ԱԱԾ-ի եւ ՅՔԾ-ի Ղեկավարներու Հեռաձայնային Խօսակցութիւնը

by MassisPost

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԾԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեան հաստատեց, որ համացանցի մէջ տարածուած ձայնագրութեան մէջ կը զրուցեն ինքն ու Յատուկ Քննչական Ծառայութեան (ՅՔԾ) պետ Սասուն Խաչատրեանը:

«Խօսակցութիւնն իրականում մեր մասնակցութեամբ է, եւ շատ տարօրինակ է, որ գաղտնալսուել է ԱԱԾ տնօրէնի եւ ՅՔԾ պետի խօսակցութիւնը: Դա մտահոգիչ փաստ է, որի հետ կապուած կը լինի մանրակրկիտ քննութիւն եւ կը պարզուի ձայնագրութեան աղբիւրը եւ թէ ով է ձայնագրել: Եթէ չեմ սխալուում դատախազութիւնում արդէն յարուցուած է քրէական գործ», -ըսած է Վանեցեան:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը նշած է՝ խօսակցութիւնը եղած է ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի վերաբերեալ առաջին ատեանի դատարանի յայտնի վճիռը կայացնելու օրը:

«Ուզում եմ ասել, որ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ դատարանի առջեւ կանգնած էին Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովը, պէտք էր 100 տոկոս համոզուած լինել, որ այդ գործում որեւէ թերացում եւ թերութիւն չկայ: Նման քննարկում իմ եւ պարոն Խաչատրեանի միջեւ կայացել է, եւ եղել է զուտ իրաւաբանական քննարկում», – ըսած է Վանեցեանը՝ շարունակելով. – «Այն պայքարը, որ մենք սկսել ենք, դա շարունակելու ենք, եւ մեզ չի խանգարելու ոչ մի բան, որեւէ խոչընդոտ չի կարող խանգարել սկսած գործում»:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնը նշած, որ երկու կառոյց կայ, Յատուկ քննչական ծառայութիւն (ՅՔԾ) եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն (ԱԱԾ), որոնք վերջին շրջանին ստանձնած են անօրինականութիւնը արմատախիլ ընելու դերը: Հասարակութիւնը դրական ընդունած է իրենց աշխատանքը:

«3.5-4 ամսուայ ընթացքում այնքան գործ ենք արել, որ վերջին 10-20 տարուայ ընթացքում իրաւապահ մարմիննեըը չեն իրականացրել», – ըսած է Վանեցեանը:

«Ես կառչած չեմ պաշտօնից, բայց կարծում եմ, որ շատ գործեր ունեմ անելու, որ վայրկեանին հասարակութիւնը հրաժարականի պահանջ ներկայացնի, հրաժարական կը տամ», – ըսած է Վանեցեանը:

Նոյն պատասխանը տուած է նաեւ Սասուն Խաչատրեանը՝ հանրային պահանջի պարագային հրաժարական կու տայ:

Համացանցի մէջ տարածուած էր հեռախօսային գաղտնալսուած զրոյցի ձայնագրութիւն, ուր Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէնը եւ Յատուկ Քննչական Ծառայութեան պետը կը քննարկեն Մարտի 1-ի գործը:

Գաղտնալսման մէջ, մասնաւորապէս կը խօսուի այն մասին, թէ ինչպէս դատաւորներէն մէկը զանգած է ԱԱԾ տնօրէնին եւ հարցուցած, թէ պաշտօնաթող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի ընտրութեան հարցով ի՞նչ որոշում ահրաժեշտ է կայացնել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment