Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ժառանգութիւնը» Երեւանի Քաղաքապետի Թեկնածու Առաջադրած է Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը

«Ժառանգութիւնը» Երեւանի Քաղաքապետի Թեկնածու Առաջադրած է Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը

by MassisPost

«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան վարչութիւնը նիստի ժամանակ որոշած է մայրաքաղաքի աւագանիի՝ 23 սեպտեմբերին նշանակուած արտահերթ ընտրութիւններուն Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու հաստատել «Ժառանգութեան» հիմնադիր Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը: Այս մասին յայտնած են «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան լրատուական ծառայութենէն:

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ՀՀ առաջին արտաքին գործոց նախարար, «Օրրան» բարեգործական հիմնադրամի, Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի եւ Հայ իրաւաբանական միութեան համահիմնադիր Յովհաննիսեանին «Ժառանգութեան» ցուցակին մէջ պիտի միանան կուսակցութեան ներկայիս նախագահ եւ ԱԺ նախկին պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեանը, որ պիտի ղեկավարէ քարոզարշաւը, քաղաքացիական իրաւունքի պաշտպան Յովսէփ Խուրշուտեանը, ինչպէս նաեւ աւագանիի աւելի քան 50 թեկնածուներ՝ մասնագիտական, մտաւորական, կանանց եւ երիտասարդական շրջանակներու ու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ:

«Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան» դիտորդ անդամ «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը կ’ակնկալէ երեւանցիներուն հետ կիսել Նոր Հայաստանի մայրաքաղաքի հիմնարար արդիականացման սեփական տեսլականը: «Այս տարի Երեւանը նշում է հնագոյն նախնիի՝ Էրեբունու 2800-ամեակը, ինչպէս նաեւ իր մեկդարեայ յոբելեանը՝ որպէս համայն հայութեան ժամանակակից քաղաքամայր: Մենք միանգամայն հպարտ ու յանձնառու ենք շարունակել ներկայացնել հանրային ծառայութեան մեր բաժին աւանդը՝ իբրեւ հայ ժողովրդի յաղթանակի ժառանգութեան մի մաս»,- ըսած է  Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment