Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցին շուտով կրնայ տեղ գտնել ԵՈԻՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան մշտական ցանկին մէջ:
Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը ծաւալուն յօդուած հրապարակած է Աղթամարի մասին, նշելով, որ Վանի ամենակարեւոր պատմական կառոյցը՝ Սուրբ Խաչ եկեղեցի թանգարանը կը շարունակէ գրաւել Թուրքիա այցելող զբօսաշրջիկները:
Վանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան հարցերու տնօրէն Մուզաֆէր Աքթուղ «Անատոլու» գործակալութեան պատմած է կղզիի մէջ տարուող բարեկարգման աշխատանքներու եւ յետագայ ծրագիրներու մասին: Անոր խօսքով՝ նախորդ տարուան համեմատ զբօսաշրջիկներու թիւը աճած է: 2018 թուականի 7 ամիսներու ընթացքին Աղթամար այցելած է շուրջ 83 հազար տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկ:
Աքթուղը նաեւ յայտնած է, որ Թանգարանների գլխաւոր վարչութեան հետ քննարկումներու արդիւնքով որոշուած է այս տարի յայտ ներկայացնել ԵՈԻՆԵՍՔՕ՝ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին Համաշխարհային ժառանգութեան մշտական ցանկին մէջ ընդգրկելու համար: 2015-ին եկեղեցին ներառուած է ԵՈԻՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ժամանակաւոր ցուցակին մէջ:
Յօդուածի հեղինակն անդրադարձած է եկեղեցւոյ հիմնադրման պատմութեան, ինչպէս նաեւ Աղթամարի առասպելին եւ անուան ծագումնաբանութեան: «Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցին կառուցուած է 915-921 թուականներուն Գագիկ առաջինի պատուէրով: Ըստ աւանդութեան՝ կղզիի անունը կապուած է գեղեցկուհի Թամարի ու անոր սիրահարուած երիտասարդի մասին պատմող յուզիչ առասպելի հետ», – նշած է յօդուածագիրը:
Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը 2005 թուականին ձեռնարկած էր եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները: Շուրջ երկու տարի տեւած վերակառուցման մասնակցած են շարք մը արուեստաբաններ, հնագէտներ, շինարարներ, ինչպէս նաեւ հայազգի ճարտարապետ: Սուրբ Խաչին նոր շունչ տալու նախագիծի համար շուրջ 4 միլիոն լիրա ծախսուած է: 2007-էն ի վեր ամէն տարուան սեպտեմբերին՝ Խաչվերացի տօնին յաջորդող կամ նախորդող կիրակի օրը եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցուի: Սակայն վերջին երեք տարուան ընթացքին շրջանին մէջ քիւրտ զինեալներու եւ թրքական զինուժի միջեւ պարբերական բախումներու հետեւանքով եկեղեցւոյ մէջ պատարագ չէ կատարուած:
Սուրբ Խաչը իւրատեսակ ուխտատեղի է նաեւ հայ զբօսաշրջիկներուն համար: Ամէն տարի հարիւրաւոր հայեր Հայաստանէն եւ սփիւռքէն կ’այցելեն Վան ու Աղթամար: