Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Փիւնիկ» Հիմնադրամի Դէմ Քրէական Գործ Յարուցուած է Այւազովսկիի Գողցուած Կտաւի Գործով

«Փիւնիկ» Հիմնադրամի Դէմ Քրէական Գործ Յարուցուած է Այւազովսկիի Գողցուած Կտաւի Գործով

by MassisPost

Սերժ Սարգսեանի եղբօր՝ Լեւոն Սարգսեանի հետ փոխկապակցուած «Փիւնիկ» հիմնադրամը կը շարունակէ մնալ իրաւապահներու ուշադրութեան կեդրոնին։ «ՍիւիլՆեթ»ը կը յայտնէ, որ իր ձեռքի տակ յայտնուած տուեալներու համաձայն՝ հիմնադրամի նկատմամբ նոր քրէական գործ յարուցուած է յանցաւոր ճանապարհով առանձնապէս խոշոր չափի գոյք ձեռք բերելու եւ իրացնելու յատկանիշներով։

Խօսքը 2017-ին «Փիւնիկ» հիմնադրամի կողմէն Սերժ Սարգսեանին նուիրաբերուած Յովհաննէս Այւազովսկիի «Նաւը ծովին մէջ» կտաւի մասին է:

Նշուած կտաւը 2011-ին գողցուած էր ռուս գործարար Ալեքսանտր Տարանցեւի առանձնատունէն։ «Փիւնիկ»ն իր հաղորդագրութեան մէջ նշած էր, որ «երկրի նախագահը արժէքաւոր նուէրը յանձնել է Հայաստանի պատմութեան թանգարանին»։ Աւելի ուշ պարզուած էր, որ ո՛չ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ, ո՛չ ալ Ազգային պատկերասրահին մէջ «Նաւը ծովին մէջ» կտաւ չկայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment