Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը որոշեց երկու ամսով կալանաւորել 1998-2008 թուականներուն Հայաստանը ղեկավարած Ռոպերթ Քոչարեանը:
Քոչարեանի փաստաբան Արամ Օրբէլեան մերժեց այլ մանրամասնութիւններ հաղորդել, միայն ըսելով որ փաստաբանները հարցերուն կը պատասխանեն յաջորդ օր կայանալիք մամուլի ասուլիսի ընթացքին:
Քոչարեանի միւս փաստաբանը` Ռուբէն Սահակեան իր կարգին յայտնեց, որ կը պատրաստուին բողոքարկել կալանաւորման որոշումը: Ան տեղեկացուց որ Քոչարեան յայտարարութեամբ հանդէս չէ եկած եւ դատարանի որոշումը ընդունած է «շատ հանգիստ»:
Ինչ կը վերաբերի ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին, որու նկատմամբ եւս ձերբակալման որոշում կայացուած էր, 5 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ կրնայ արձակուիլ, ըստ անոր փաստաբան Միհրան Պօղոսեան:
«Ազատութեան» հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին փաստաբանը տեղեկացուցած է որ, գումարը արդէն վճարուած է եւ իր պաշտպանեալը անդորրագիրը ներկայացնելուն պէս ազատ կ՛արձակուի:
2008-ին Երեւանի կայազօրի պետի, ապա՝ ՀՀ ԶՈւ գլխաւոր շտաբի պետի եւ պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնները վարած Խաչատուրովին, ինչպէս եւ Ռոպերթ Քոչարեանին ու պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանին, «Մարտի 1»-ի գործով մեղադրանք ներկայացուած է՝ սահմանադրական կարգը տապալելու համար: