Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երկար Խզումէ Ետք Հանդիպած Են Նիկոլ Փաշինեանն ու Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը

Երկար Խզումէ Ետք Հանդիպած Են Նիկոլ Փաշինեանն ու Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը

by MassisPost

Կառավարական առանձնատան մէջ, Յուլիսի 16-ին տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հանդիպումը:

Ըստ կառավարութեան ֆէյսպուքեան էջին, առաջին նախագահն իր տեսակէտները յայտնած է Հայաստանի առջեւ ծառացած շարք մը մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիներու վերաբերեալ: Քննարկուած են արտաքին քաղաքականութեանն ու արցախեան հիմնախնդիրին վերաբերող հարցեր: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ հանդիպումը տեղի ունեցած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի նախաձեռնութեամբ:

Քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Պատալեանի կարծիքով՝ երկկողմ լռութիւնը թերեւս կը նշանակէ, որ որեւէ հարցի շուրջ համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած: Պատալեանն ընդգծած է՝ լրացուցիչ մեկնաբանութիւնն անհրաժեշտ է աւելորդ ենթադրութիւններէն զերծ մնալու համար:

Պատալեանն ուշադրութիւն դարձուցած է նաեւ այն հանգամանքին, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է առաջին նախագահի նախաձեռնութեամբ: Յիշեցնելով, որ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը փոքր յօդուածներով անդրադարձած է իրավիճակին եւ հաղորդումներ փոխանցած Փաշինեանին, քաղաքական մեկնաբանը եզրահանգած է՝ թերեւս առաջին նախագահը կը կարծէ, որ անոնք պատշաճ արձագանգի չեն արժանացած եւ դէմառդէմ հանդիպման անհրաժեշտութիւն տեսած է:

Հարցին՝ արդեօք իրավիճակն այսօր ԼՂ-ի մէջ այնպիսին է, որ առաջին նախագահը հրատապ հանդիպման անհրաժեշտութիւն տեսած է, Պատալեանը պատասխանած է, թէ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը դեռ 2008-էն հարցը հրատապ կը համարէ, սակայն սա դեռ չի նշանակեր, որ իրականութեան մէջ հրատապութեան հարց կայ: Առաջին նախագահի գլխաւորած Հայ Ազգային Գոնկրէսն ու Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութիւնները անցած տարի կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն հանդէս եկան «Խաղաղութիւն, հաշտութիւն, բարիդրացիութիւն» կարգախօսով՝ առաջարկելով Հայաստանի բոլոր հարեւաններուն հետ հաշտութեան հասնիլ:

Քաղաքական մեկնաբանը, այս առնչութեամբ, նշած է. – «Արցախի խնդրում նոր իշխանութեան ռազմավարական հայեցակարգի բացակայութիւնը խնդիր է, իհարկէ, Հայաստանի համար: Միեւնոյն ժամանակ, Նիկոլ Փաշինեանն ինքը, անմիջապէս վարչապետ ընտրուելուց յետոյ Արցախում նաեւ արեց շատ պատասխանատու, շատ յստակ յայտարարութիւններ եւ նուազագոյն անհրաժեշտութեան չափով ողջունելի, եւ ինքը պէտք է քաղաքական պատասխանատուութիւն կրի իր իսկ խօսքերի համար: Այսինքն, դրանցից շեղուելը կը նշանակի իսկապէս շատ վտանգաւոր երկդիմութիւն: Ես կարծում եմ՝ Նիկոլ Փաշինեանը չպէտք է դա թոյլ տայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment