Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Իրաւապահ Համակարգի Որոշ Օղակներ Սապօթաժի Կ’ենթարկեն Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարը»- Փաշինեան

«Իրաւապահ Համակարգի Որոշ Օղակներ Սապօթաժի Կ’ենթարկեն Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարը»- Փաշինեան

by MassisPost

«Ճիշդ չէ մօտեցումը, որ մենք որոշ անձերու մօտ խախտումներ գտնելու խնդիր պէտք է դնենք»: Այս մասին ֆէյսպուքի ուղիղ եթերով յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով հարցին, թէ իշխանութիւնը երբ պիտի բացայայտէ եւ պատժէ գլխաւոր խախտումներ գործողները:

«Բայց ես ասում եմ, որ մենք ժողովրդից գողացուած իւրաքանչիւր լումայի հետեւից պէտք է գնանք: Իհարկէ, դրանով առաջին հերթին պէտք է զբաղուեն իրաւապահ մարմինները, քանի որ կաշառակերութեան դէմ պայքարը մեզ համար առաջնահերթութիւն է»,- ըսած է Փաշինեան:

Ան ցաւով նկատած է, որ վերջին երկու ամիսներուն, իրաւապահ ոչ բոլոր մարմինները են, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարի գործին մէջ անհրաժեշտ չափով արդիւնաւէտ են. «Երբեմն կարող է տպաւորութիւն ստացուել, որ իրաւապահ համակարգի որոշ օղակներ սապօթաժի են ենթարկում կոռուպցիայի դէմ պայքարը: Կոռուպցիայի դէմ պայքարը պէտք է շատ աքթիւ շարունակուի Հայաստանի Հանրապետութիւնում, բայց դա պէտք է տեղի ունենայ օրէնքի տարրին համապատասխան՝ մարդու իրաւունքները պաշտպանելով»:

Ան նշած է, որ ինք եղած է քաղբանտարկեալ եւ իրեն համար անձնական խայտառակութիւն կ’ըլլայ, եթէ ՀՀ-ի մէջ նորէն յայտնուին քաղբանտարկեալներ. «Միւս կողմից նոյնքան անձնական խայտառակութիւն կը լինի, եթէ կոռուպցիայի դէմ պայքարը չլինի ծայրայեղ արդիւնաւէտ: Եթէ լինեն իրաւապահ համակարգի այնպիսի օղակներ, որոնք չեն ապացուցի իրենց արդիւնաւէտութիւնը յանուն օրինականութեան, կոռուպցիայի դէմ պայքարում, այդտեղ ես շատ երկար չեմ սպասի եւ կ’իրականացնեմ լրջագոյն քատրային փոփոխութիւններ»,- յայտարարած է ՀՀ վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment