Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոմիութիւնը Պատրաստակամ է Քննարկել Հայաստանի Նոր Կառավարութեան Յստակ Գաղափարները ու Առաջարկները

Եւրոմիութիւնը Պատրաստակամ է Քննարկել Հայաստանի Նոր Կառավարութեան Յստակ Գաղափարները ու Առաջարկները

by MassisPost

Եւրոմիութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելու համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը հանդէս գայ յստակ գաղափարներով ու առաջարկներով, երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքին:

Դեսպանն ընդգծած է, որ Եւրոմիութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու իրաւական ու քաղաքական հենքը համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրն է, եւ «Գործընկերութեան առաջնահերթութիւններ» փաստաթուղթը, որոնք բանակցուած են մինչեւ ապրիլեան իրադարձութիւնները:

«Մենք շատ բաց ենք: Եթէ հայկական կողմը կը կարծէ, որ այս փաստաթղթերը պէտք է հզօրացուին ու նոր որակ ցոյց տան, ապա մեզ պէտք են յստակ գաղափարներ, թէ ճիշդ ինչ է կ’ուզէ Հայաստանի կառավարութիւնը փոփոխել մեր քաղաքականութեան մէջ», – յայտարարած է Սվիթալսքին: ֊ «Մենք լիակատար պատրաստակամութիւն ունինք լսելու, թէ դուք ինչ կ’ուզէք փոխել մեր յարաբերութիւններուն մէջ»:

Անցած շաբաթ առաջին անգամ Եւրոմիութեան մայրաքաղաք Պրիւքսէլ այցելած եւ եւրոպական կառոյցներու ու պետութիւններու ղեկավարներուն հանդիպած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Պրիւքսէլեան այցի աւարտին Փաշինեանը յայտարարած էր, որ Եւրոմիութենէն դեռ միայն ողջունող յայտարարութիւններ կը լսուին, սակայն քաղաքականութեան մէջ առայժմ որեւէ շօշափելի փոփոխութիւն չկայ: – «Եւրոմիութեան քաղաքականութիւնը նոյնն է ինչ չորս ամիս առաջ: Կը կարծենք, որ կա՛մ պէտք է այդ յայտարարութիւններու ոգեւորուած թոնայնութիւնը իջեցնել, կա՛մ քաղաքականութիւնը էականօրէն փոխել», – նշած էր վարչապետը:

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպանէն երէկ խնդրած են արձագանգել Փաշինեանի այս յայտարարութեան:

«Հայկական կողմէն մենք կը լսենք, որ Եւրոմիութեան ուղղութեամբ Հայաստանի քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւն չկայ: Դուք հիմա կ’ըսէք, որ Եւրոմիութեան վերաբերեալ Հայաստանի քաղաքականութեան անփոփոխ մնալը պէտք է յանգեցնէ Հայաստանի վերաբերեալ Եւրոմիութեան քաղաքականութեան փոփոխութեան: Կրնա՞ք բացատրել՝ ինչպէս հնարաւոր է համատեղել այս երկուքը», – կատակած է Փիոթր Սվիթալսքին՝ շարունակելով․ – «Իսկ, եթէ աւելի լուրջ, ապա մեզ անհրաժեշտ են յստակ գաղափարներ, յստակ ակնկալիքներ, եւ մենք պատրաստ ենք քննարկել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment