Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան. «Երբեք Ատրպէյճանին Առանձին Չենք Ձգեր»

Էրտողան. «Երբեք Ատրպէյճանին Առանձին Չենք Ձգեր»

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողան Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական ինքնահռչակ հանրապետութենէն վերադառնալու ժամանակ պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն: Էրտողանը Թուրքիոյ համար օրակարգային հարցերու շարքին անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան:

«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, ան նշած է, որ  մինչեւ այժմ միջազգային հարթակներու վրայ Թուրքիան միշտ աջակցութիւն ցուցաբերած է Ատրպէյճանին, եւ այդ մէկը պիտի շարունակուի նաեւ ապագային։

«Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ  մենք ի սկզբանէ միշտ աջակցած ենք, կ’աջակցինք եւ պիտի շարունակենք աջակցիլ Ատրպէյճանին։ Այս հարցին մէջ կայ 3 պատասխանատու երկիր՝ ԱՄՆ, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա։  Ցաւօք, անոնք  այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլեր չեն կրնար կամ չեն ընէր։ Եւ, ցաւօք,  ատոր համար ալ  այդ հակամարտութիւնը կը շարունակուի եւ լուծում չի ստանար»,-ըսած է Էրտողան։

Վերջինս նշած է, որ իրենք բոլոր միջազգային հարթակներուն վրայ՝ ըլլայ ՆԱԹՕ, թէ այլ հարթակ,  Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ պիտի  շարունակեն աջակցիլ Ատրպէյճանին։

«Այս հարցի վերաբերեալ մենք երբեք անոնց (Ատրպէյճնին-խմբ.) առանձին չենք ձգած եւ չենք ձգեր»,-եզրափակած է Թուրքիոյ նախագահը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment