Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի 11-րդ Պատուաբեր Հունձքի

ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի 11-րդ Պատուաբեր Հունձքի

by MassisPost

Ամավերջի Հանդէս եւ Վկայականաց Բաշխում

Շաբաթ, 9 Յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 3-ին, ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կատարողական արուեստներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի ԺԲ. տարուան ԺԱ. հունձքի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը։

Վարժարանի շրջափակը խուռներամ բազմութեամբ կը խայտառ այդ երեկոյ: Անսահման էր ծնողներու, մեծ ծնողներու, հարազատներու, տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներու ուրախութիւնը, ի տես հասակ առած ու մտապէս հասունցած 35 շրջանաւարտներուն։

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Վարժարանի Հայագիտական Բաժանմունքի պատասխանատու՝ օրդ. Լորա Գույումճեանը, ապա բեմ հրաւիրեց Վարժարանի կրթական համակարգի պատասխանատու՝ Տիկ. Գոհար Ստամբոլեանը, որպէսզի վարէ օրուան հանդիսավարութիւնը։

Պաշտօնական հանդիսութիւնը սկսաւ շրջանաւարտներուն դէպի սրահ հանդիսաւոր մուտքով, որոնք յաջորդաբար երգեցին Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգները, առաջնորդութեամբ պրն. Պարթեւ Կիւլիւմեանի։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Վարժարանի 2009 թուականի շրջանաւարտներէն տոքթ. Վահէ Պօղոսեան։

Շրջանաւարտ հունձքի բարձրագոյն գնահատական ունեցող երկու աւարտականներ՝ Դաւիթ Քէշիշեան եւ Նայիրա Մարգարեան, առաջինը հայերէնով իսկ երկրորդը անգլերէնով իրենց հրաժեշտի ուղերձները յղեցին ներկաներուն:

Օրուան պատգամաբերը ներկայացուց Հոգաբարձութեան անդամ՝ տիկ. Լէսլի Շահինեան։ Պատգամաբերն էր LegalLab-ի հիմնադիր բաժնետէր՝ իրաւաբան Ստեփան Խզրթեան, որ իր անցած կեանքի փորձառութիւններու պատումներով շատ հաղորդական կերպով խօսեցաւ ու յարատեւելու եւ կեանքի դժուարութիւններու դիմաց երբեք չընկրկելու պատգամ փոխանցեց շրջանաւարտ աշակերտներուն։

Վարժարանի տնօրէն՝ տիար Մայքըլ Փրաթ, տնօրէնի իր պատգամը փոխանցեց շրջանաւարտներուն։

Ապա հանդիսավարուհին յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Վարժարանի տնօրէնը եւ Հոգաբարձական կազմի անդամ՝ տիկ. Սիլվա Գարայեանը, որպէսզի կատարեն վկայականաց բաշխումը: Նաեւ բեմ հրաւիրուեցան Վարժարանի Հայկական բաժանմունքի ուսուցիչներ՝ օրդ. Լորա Գույումճեանն ու պրն. Նորայր Տատուրեանը, որոնք մէկ առ մէկ առաջ գալ հրաւիրեցին շրջանաւարտները եւ յայտարարեցին անոնց ստացած մրցանակները։

Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչ՝ Արժ. Տ. Ներսէս քհն. Հայրապետեան։ Քահանայ հայրը իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց շրջանաւարտ աշակերտներուն, անոնց ծնողներուն, Վարժարանի տեսչութեան եւ ուսուցչական կազմին, եւ ապա “Պահպանիչ”ով օրհնեց բոլոր ներկաները:

Պահը հասած էր իր աւարտին։ Շրջանաւարտ աշակերտները հանդիսաւոր թափօրով ելք կատարեցին սրահէն, եւ միացան իրենց ծնողներուն, որոնք ուրախութեան արցունքներով գիրկընդխառնուեցան իրենց զաւակներուն հետ։

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, կազմակերպութեամբ Ծնողա-Օժանդակ Մարմնին։

Վարժարանիս Հոգաբարձութիւնն ու Տնօրէնութիւնը ի սրտէ կը շնորհաւորեն Վարժարանիս 11-րդ հունձքն ու ծնողները, մաղթելով անոնց յարատեւ վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ։

Սրտագին շնորհաւորութիւններ նաեւ ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան, իրենց տարած նուիրեալ աշխատանքին համար՝ յաչս նոր սերունդի փայլուն ապագային։

agbu-04-IMG_0186

agbu-4-IMG_0076

agbu-6-IMG_0182

agbu-03-IMG_0149

agbu-01-IMG_0139

agbu-2-IMG_0067

agbu-3-IMG_0069

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment