Այսօր, Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը գումարեցին գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը՝ 24 Նոյեմբեր 2017-ին ստորագրուած եւ միջանկեալ կիրառման մէջ մտած 1 Յունիս 2018-ին՝ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի (ՀԸԳՀ) ծիրէն ներս:
Նիստի արդիւնքներուն մասին Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան հրապարակած համատեղ յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ խորհուրդը ՀԸԳՀ շրջածիրէն ներս ստեղծուած բարձրագոյն մարմին է, որ կոչուած է վերահսկելու համաձայնագրի իրականացումը եւ քննարկելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:
«Գործընկերութեան խորհուրդը ողջունեց Հայաստանում վերջերս տեղի ունեցած բողոքների խաղաղ բնոյթը, որոնք յանգեցրին Սահմանադրութեան շրջանակներում կառավարութեան ժողովրդավարական փոփոխութեանը», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Նաեւ նշուած է, որ «Գործընկերութեան խորհուրդը ընդգծեց Հայաստանի ընտրական օրէնսգրքում փոփոխութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը՝ համահունչ ԵԱՀԿ ԺՀՄԻԳ-ի առաջարկութիւններին` ընտրական գործընթացի նկատմամբ վստահութեան ամրապնդման համար »:
Եւրոմիութիւնը վերահաստատած է իր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու ջանքերուն՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:
Եւրոմիութիւնը վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, եւ յորդորած է կողմերը ներգրաւուիլ այս գործընթացին մէջ առանց որեւէ նախապայմանի:
Կողմերը հաստատած են իրենց յանձնառութիւնը Իրանի վերաբերեալ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու հանդէպ:
Խորհուրդը նախագահած է ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին, հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավարն էր Արտաքին Գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը: