Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Տեղի Կ’ունենայ Իրաւապահ Համակարգի եւ Հանրութեան Հաշտեցման Պատմական Քործընթաց. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստանի Մէջ Տեղի Կ’ունենայ Իրաւապահ Համակարգի եւ Հանրութեան Հաշտեցման Պատմական Քործընթաց. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուած է ՀՀ ոստիկանութեան զօրքերու կազմաւորման 26-րդ տարեդարձին նուիրուած  հանդիսաւոր արարողութեան: Կառավարութեան ղեկավարը նախ ծանօթացած է ոստիկանութեան զօրքերու գիտարուեստական (թեխնիկական) յագեցուածութեան մակարդակին, ինչպէս նաեւ այն յատուկ միջոցներուն, որոնք ոստիկանութիւնը կրնայ կիրառել  հասարակական կարգի խախտման պարագաներուն: Այդ առումով, վարչապետ Փաշինեանը յանձնարարած է վերանայիլ տուեալ դէպքերուն որոշ միջոցներու կիրառման հնարաւորութիւնները՝ հաշուի առնելով անոնց վտանգաւորութեան աստիճանը:

Այնուհետեւ վարչապետը շնորհաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան զօրքերու ծառայողները 25-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ եւ նշած. «Ոստիկանութեան զօրքերի յարգելի ծառայողներ, այսօր մենք գտնուում ենք Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մի կարեւոր շրջանում, որտեղ բոլորս պէտք է պատասխանենք մեր անցեալի եւ ապագայի մասին կարեւորագոյն հարցերի: Ոստիկանութեան զօրքերը եւ, ընդհանրապէս, ոստիկանութիւնը պետական կարեւորագոյն կառոյցներ են, որոնց գործունէութիւնը սակայն սահմանափակւում է շատ նուրբ գծերով, շատ նուրբ սահմաններով, եւ չափազանց կարեւոր խնդիր է՝ յստակ տեսնել եւ գիտակցել այդ սահմանները եւ արձանագրել, որ անգործութիւնն այդ սահմանից այս կողմ հակապետական եւ հակաժողովրդական գործողութիւն է, իսկ գործողութիւնները սահմանից այն կողմ, այդ նուրբ գծերից այն կողմ կարող են էական վնաս հասցնել պետութեանն ու ժողովրդին, լինել հակաժողովրդական եւ հակապետական գործողութիւն: Ես ուզում եմ յստակ արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան զօրքերի մասին օրէնքում յստակ արձանագրւում է, որ ոստիկանութեան զօրքերի գործունէութիւնն իրականացւում է օրինականութեան, մարդու եւ քաղաքացու իրաւունքները, ազատութիւնները յարգելու սկզբունքների հիման վրայ: Ոստիկանութեան զօրքերն իր իրաւունքներն իրականացնելիս պարտաւոր է առաջնորդուել մարդու եւ քաղաքացու Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ ամրագրուած իրաւունքների եւ ազատութիւնների պաշտպանութեան անհրաժեշտութեամբ, նրանց իրաւահաւասարութեան, լիազօրութիւնների իրականացման համաչափութեան եւ կամայականութեան բացառման սկզբունքով, ինչպէս նաեւ հետապնդել օրէնքով կանխորոշուած այլ նպատակներ:

Մեր կարեւորագոյն խնդիրն, ըստ այդմ, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան եւ ոստիկանութեան զօրքերի գործունէութիւնը հենց այս տրամաբանութեան մէջ կազմակերպելն է: Այսօր, ըստ էութեան, Հայաստանի Հանրապետութիւնում տեղի է ունենում պատմական մի գործընթաց, տեղի է ունենում իրաւապահ համակարգի եւ հանրութեան եւ ժողովրդի հաշտեցման մի գործընթաց, որովհետեւ, ցաւօք, մեր պատմութեան մէջ եղել են էջեր, երբ լրջագոյն անդունդ են ստեղծել ժողովրդի եւ ոստիկանութեան, ժողովրդի եւ ոստիկանութեան զօրքերի միջեւ եւ մեր գործունէութեան առաջնահերթութիւնն է այդ անդունդը լրացնելը, այդ անդունդը փակելը, այդ անդունդի վրայ կամուրջներ կառուցելը, որպէսզի ժողովուրդը եւ ոստիկանութիւնը, ժողովուրդը եւ ոստիկանութեան զօրքերը լինեն միասնական, լինեն գծերի նոյն կողմում, ծառայեն միեւնոյն նպատակին, առաջնորդուեն նոյն սկզբունքներով, երազանքներով եւ միասնական ուժերով, բոլորս ծառայենք մեր երկրի, մեր պետութեան, մեր հայրենիքի եւ ժողովրդի զարգացմանը և եւ զօրացմանը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment