Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապրիլեան Ցոյցերու Ժամանակ Բերման Ենթարկուած է Աննախադէպ Թիւով՝ 1236 Քաղաքացի

Ապրիլեան Ցոյցերու Ժամանակ Բերման Ենթարկուած է Աննախադէպ Թիւով՝ 1236 Քաղաքացի

by MassisPost

16 Ապրիլէն, 23 Ապրիլ 2018 ինկած ժամանակահատուածին՝ Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան դէմ պայքարի եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան օրերուն, ոստիկանական բաժիններ տեղափոխուած են աննախադէպ մեծ թիւով քաղաքացիներ: Նշուած ժամանակահատուածին ձեւաւորուած իրաւապաշտպաններու թէժ գիծը ստացած է քաղաքացիներուն բերման ենթարկելու աւելի քան 1000 ահազանգ:

Բերման ենթարկուածներու վերաբերեալ պաշտօնական տուեալներն աւելի տպաւորիչ են: Այսպէս, «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում» (ԻՔՄ) ՀԿ-ի հարցմանն ի պատասխան՝ ՀՀ Ոստիկանութենէն տեղեկացուցած են, որ նշուած ժամանակահատուածին Հայաստանի տարբեր շրջաններէն ոստիկանական բաժիններ տեղափոխուած է 1236 քաղաքացի, ընդ որում, ամենամեծ թիւով բերման ենթարկուածներ եղած են 22 Ապրիլին՝ 363 անձ: Յիշեցնենք, այդ օրը Արցախի փողոցէն բերման ենթարկուեցան շարժման առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը, ԱԺ պատգամաւորներ Արարատ Միրզոյեանը եւ Սասուն Միքայէլեանը: Բերման ենթարկուածներէն 121-ը, ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն, եղած են անչափահասներ:

Ուշագրաւ է, որ բերման ենթարկուածներու այսպիսի թիւ չէ գրանցուած նախորդ տարիներուն Հայաստանի մէջ իրականացուած բազմամարդ բողոքի ցոյցերու ժամանակ:

Ինչ կը վերաբերի ոստիկանութեան գործողութիւններէն տուժելու դէպքերուն, իրաւապաշտպաններու թէժ գիծը հարիւրաւոր ահազանգեր ստացած է այն մասին, որ քաղաքացիներուն ոստիկանական բաժիններ տեղափոխած են բռնութեամբ եւ ուժի գործադրմամբ: Թէժ գիծի հետ համագործակցած փաստաբանները թէեւ հաստատած են այս տեղեկութիւնը, այնուամենայնիւ, նկատած են, որ ոստիկանական բաժիններուն մէջ աքթիւիսթներու նկատմամբ վերաբերմունքը եղած է առաւել հաւասարակշռուած, եւ բռնութեան դէպքեր չեն գրանցուած:

Համեմատելով նախորդ տարիներու փորձի հետ՝ սա կարելի է գնահատել որպէս դրական միտում, այնուամենայնիւ, այս անգամ ֆիզիքական բռնութիւնը փոխարինուած է հոգեբանական ճնշմամբ:

Այսպիսով, «Քայլ արա, մերժիր Սերժին» շարժման ծաւալման ժամանակ աննախադէպ մեծ թիւով մարդիկ բերման ենթարկուած են: Նման մեծ թիւը կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ այն հանգամանքով, որ ժողովրդական շարժումն աննախադէպ էր նաեւ իր աշխարհագրութեամբ եւ կ’ընդգրկէր Հայաստանի բոլոր մարզերը:

«Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment