Թուրքիոյ նախագահ էրտողանի հետ դռնփակ հանդիպումէն վերջ Եւրոպայի խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Տուսկը հրապարակաւ յայտարարած է, որ տարաձայնութիւնները բաւական շատ ենª Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւուքններու պաշտպանութենէն մինչեւ թուրքական բանակի ներխուժումը Սուրիա:
Եւրամիութեան մէջ այժմ նախագահող երկրի` Պուլկարիոյ մէջ իրականացուող խորհրդաժողովէն առաջ Թուրքիոյ նախագահը պնդած էր, որ Պրիւսելէն պիտի պահանջէ աւարտին հասցնել վիզային ազատականացումն ու աշխուժացնել անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները:
«Եւրամիութիւնը իր պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ ի ցոյց չի դներ նոյն անկեղծութիւնն ու չէզոքութիւնը, ինչպէս որ անոնք կը տեսնեն թուրքական կողմէն»,- Անգարայի մէջ յայտարարած էր Էրտողանը ընդգծելով, թէ «Թուրքիան արժանի է դառնալ Եւրամիութեան լիիրաւ ու յարգարժան անդամ»:
Տոնալտ Տուսկի արձագանգը այս պահանջներուն միանշանակ էր.- «Մեր դիրքորոշումը յստակ է՝ Եւրամիութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու մէջ բարելաւում կ’ըլլայ միայն այն ժամանակ, երբ Թուրքիան առաջընթաց արձանագրէ մեզի մտահոգող հարցերու մէջ»:
Ի տարբերութիւն եւրոպացի դիւանագէտներու, Թուրքիոյ առաջնորդը կը փորձէր առաւել լաւատեսական երանգներ հաղորդել:
«Յոյսով եմ, որ մենք անցեալին ձգած ենք դժուարին յարաբերութիւններու փուլը եւ արդէն առաջին քայլը առած ենք վստահութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ», – յայտարարած է Ռեճեփ Էրտողանը՝ պնդելով, թէ Թուրքիան ժողովրդավարական երկիր է, որ կը պաշտպանէ մարդու իրաւունքներ ու հիմնարար ազատութիւնները․- «Եւրամիութիւնը մեծ սխալ կ’ընէ, եթէ անտեսէ Թուրքիան ընդարձակման ընթացքին: Անգարան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ 1963 թուականէն ի վեր, հիմա 2018-ն է, բայց մենք դեռ կը մնանք թեկնածու երկիր»:
Անդրադառնալով վիճայարոյց միւս հարցինª Սուրիոյ հիւսիսը քիւրտ զինեալներու դէմ սկսած յարձակման, Թուրքիոյ նախագահը կրկին պնդած է` Անգարան կը պայքարի ահաբեկիչներու դէմ եւ այդ պայքարը դադրեցնելու մտադրութիւն չունի:
Ամփոփելով բանակցութիւնները՝ «Ֆրանսբրեսը» փաստած է՝ ի տարբերութիւն Եւրամիութեան առաջնորդներու հետ ունեցած այս կարճատեւ հանդիպման, Թուրքիոյ նախագահը յաջորդ շաբաթ երկու օրով կը հիւրընկալէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, որու հետ Արեւմուտքի յարաբերութիւնները կը սրուին օր-օրի:
ՆԱԹՕ-ի անդամ Անգարան արդէն յայտարարած է, որ մտադիր չէ արեւմտեան դաշնակիցներու պէս արտաքսել ռուս դիւանագէտները: