Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Սարգսեանի Երդմնակալութեան Օտար Պետութիւններու Ղեկավարներ Չեն Հրաւիրուած

Արմէն Սարգսեանի Երդմնակալութեան Օտար Պետութիւններու Ղեկավարներ Չեն Հրաւիրուած

by MassisPost

Հայաստանի 4-րդ նախագահ Արմէն Սարգսեանի երդմնակալութեան արարողութեան օտարերկրեայ պետութիւններու ղեկավարներ եւ պաշտօնական պատուիրակութիւններ չեն հրաւիրուած: «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է նորընտիր նախագահի գրասենեակի պատասխանատու Յասմիկ Պետրոսեանը:

Վերջինիս փոխանցմամբ, օտարերկրեայ հիւրեր ներկայ պիտի ըլլան, բայց այժմ չեն կրնար հրապարակել, թէ որոնք են: Սակայն Մեծ Բրիտանիոյ թագաւորութեան արքայազն Չարլզը հրաւիրեալներու ցանկին մէջ չկայ: Մինչդեռ, մամուլը նախքան գրած էր, թէ Արմէն Սարգսեանը ցանկութիւն ունի, որ արտերկրէն հրաւիրուող պաշտօեաներու ցանկին գլխաւորը արքայազն Չարլզը ըլլայ:

Հայաստանի 4-րդ նախագահի երդմնակալութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 9 Ապրիլին՝ Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի մէջ, Ազգային ժողովի յատուկ նիստով:

Ազգային ժողովի խորհուրդը նաեւ որոշած է նիստի իրականացման կարգի մասին: Ըստ այդմ, յատուկ նիստին հրաւիրուող անձանց ցանկը պիտի հաստատէ Ազգային ժողովի նախագահը:

Նիստը նախագահողի բացման խօսքէն վերջ դահլիճ պիտի բերուին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշը, նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մայր օրինակը եւ Վեհամօր Աւետարանը:

Ձեռքը դնելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մայր օրինակին եւ Վեհամօր Աւետարանին՝ Սահմանադրութեամբ սահմանուած երդմամբ հանդէս պիտի գայ հանրապետութեան նորընտիր նախագահը: Ապա ելոյթ պիտի ունենան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ նորընտիր նախագահը:

Նշենք, որ հրաւիրեալներու ցանկը առայժմ չէ հրապարակուած, սակայն ինչպէս նախքան տեղեկացուցած էր Արմէն Սարգսեանի գրասենեակի ղեկավարը, նորընտիր նախագահը ցանկութիւն յայտնած է, որ իր երդմնակալութեան արարողութեան ներկայ ըլլան Հայաստանի նախկին նախագահները՝ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը եւ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը: Արդէն իսկ յայտնի է, որ Քոչարեանը ներկայ պիտի չըլլայ Արմէն Սարգսեանի երդմնակալութեան, քանի որ, ինչպէս  գրասենեակի ղեկավարը նշած էր, Քոչարեանը այդ օրերուն երկրէն դուրս պիտի ըլլայ։

Ինչ կը վերաբերի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին՝ տակաւին չէ յստակացուած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment