2017 թուականին Հայաստանի աւելի քան 25 հազար բնակիչ Ռուսաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է: Ռուսաստանի Դաշնութեան Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով՝ անցեալ տարի ՌԴ քաղաքացիութիւն ստացած էր ՀՀ 25.144 քաղաքացի:
Աղբիւրի համաձայն, 2016 թուականին ՌԴ քաղաքացիութիւն ստացած էր 22.264 հայ: Անցեալ տարի Ռուսաստանի Դաշնութեան քաղաքացիութիւն նախընտրած է 10 394 ատրպէյճանցի եւ 2 535 վրացի: