Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Օրէնքով կը Նախատեսուի Կառավարութեան Նիստերը Դռնփակ Դարձնել

Նոր Օրէնքով կը Նախատեսուի Կառավարութեան Նիստերը Դռնփակ Դարձնել

by MassisPost

Գործադիրը  հաստատած է «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի նախագիծը, որու համաձայն կը նախատեսուի, որ Կառավարութեան նիստերը դռնփակ ըլլան:

Կանխատեսելով, որ այս օրէնքի նախագիծը բուռն քննարկման առարկայ պիտի դառնայ, այս մասին զեկուցող արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանը շտապած է յայտարարել, որ, այնուամենայնիւ, վարչապետի որոշմամբ նիստի մէկ մասը կրնայ դռնբաց իրականացուիլ:

Նախագիծի համաձայն, առանց վարչապետի թոյլտուութեան՝ Կառավարութեան անդամները չեն կրնար մանրամասներ ներկայացնել նիստի վերաբերեալ։ Արդարադատութեան նախարարութիւնը օրէնքի նախագիծի հեղինակներէն է։ Գերատեսչութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեանը երէկ պնդած է, որ սա ժողովրդավարութեան չի հարուածեր՝ Կառավարութեան նիստերը դռնփակ են նոյնիսկ Գերմանիոյ եւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ։

Յարութիւնեանը պնդած է, որ ինք չի գիտեր կառավարութիւն մը, որուն նիստերը դռնբաց են։ Նշենք, որ այժմ նիստերը ուղիղ եթերով կը հեռարձակուին Կառավարութեան նիստերը լուսաբանող լրագրողներու համար: Նախարարի խօսքով,  Կառավարութեան շատ պաշտօնեաներ կը կաշկանդուին նիստերու դռնբաց ըլլալէն, ինչի պատճառով ալ այն քննարկումները, որոնք նիստի ընթացքին պէտք է կատարուին, կ’իրականացուին նիստէն առաջ կամ  յետոյ։ Նախարարը իր տեսակէտը հիմնաւորելու համար կին-ամուսին յարաբերութիւններու օրինակը բերած է․ – «Եթէ դուք Ձեր ընտանիքում Ձեր տիկնոջ հետ վիճէք՝ դա մի բան է, իսկ եթէ ներկայ գտնուի երրորդ անձը, անմիջապէս Ձեր վէճը կը ստանայ այլ երանգ»:

Յարութիւնեանի խօսքով, իրենց անկաշկանդ աշխատելուն ոչ միայն լրագրողներ կը խանգարեն, այլեւ իւրաքանչիւր անձ որ կը հետեւի նիստին եւ Կառավարութեան անդամ չէ։

Կառավարութիւնը այս օրէնքի նախագիծը անյետաձգելի կարգով ուղարկած է Ազգային ժողով քննարկման։

Ազգային ժողովի «Կանոնակարգ օրէնքով» ներկայիս Կառավարութեան նիստերուն մասնակցելու իրաւունք ունին նաեւ ԱԺ պատգամաւորները, մինչդեռ ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանը մտահոգուած է, որ նոր նախագիծով այդ մէկը չի թոյլատրուիր։

«Իմ տեղեկատուութեան համաձայն՝ նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւորների համար է փակ լինելու», ֊ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է ան:

Արդարադատութեան նախարարի այն պնդման, որ Գերմանիոյ եւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ նոյնպէս նիստերը փակ կ’իրականացուին, Մարուքեան հակադարձած է՝ այնտեղ իշխանութիւնը 10 հազար դրամով չի ձեւաւորուիր, ժողովրդավարական արժէքներն ալ անհամեմատելի են։

«Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլ» հակակաշառակերութեան կեդրոնի ծրագիրներու տնօրէն Վարուժան Հոկտանեանի կարծիքով՝ սա ժողովրդավարութեան առումով հետընթաց է եւ ընդդիմութիւնը խորհրդարանէն ներս պէտք է պայքարի այս նախագծի դէմ: – «Յաջորդ քայլերը կարող են լինել ու այս ձեւով գնալով կը վերանայ թափանցիկութեան մշակոյթը», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ կարծիք յայտնած է Հոկտանեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment