Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Դեսպանատան Ուղերձը՝ «Կ’ըսես Ներդրումներ, Ուրեմն Փոխէ Համակարգը»

ԱՄՆ Դեսպանատան Ուղերձը՝ «Կ’ըսես Ներդրումներ, Ուրեմն Փոխէ Համակարգը»

by MassisPost

Հայաստանի ներդրումային միջավայրի վերաբերեալ ԱՄՆ դեսպանատան հրապարակած զեկոյցին մէջ տեղ գտած գնահատականները առարկայական են եւ կ’արտացոլեն առկայ իրավիճակը: Lragir.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ նման դիտարկում ըրած է «Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլ» հակակաշառակերութեան կեդրոնի ծրագիրներու ղեկավար Վարուժան Հոկտանեանը:

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը օրերս հրապարակած է ՀՀ-ի մէջ ներդրումային իրավիճակի վերաբերեալ 2017 թուականի զեկոյցը, ուր ԱՄՆ դեսպանատան տնտեսական պատասխանատու Ռաֆայէլ Սամպոըն իր գնահատականները ներառած է: Ըստ այդմ՝ Հայաստանի մէջ դատական համակարգը կը շարունակէ անվստահելի մնալ, իսկ կաշառակերութեան դէմ պայքարը իրական արդիւնք չի տար:

Ըստ զեկոյցի, «Հայաստանի տնտեսութեան հիմնական հատուածները կը վերահսկուին փոխկապակցուած գործարարներու կողմէ, որոնք կը վայելեն իշխանութեան հովանաւորչութիւնը: Թէեւ ընդհանուր ներդրումային միջավայրը կարծես թէ կը բարելաւուի, սակայն կաշառակերութիւնը կը շարունակէ լուրջ խնդիր մնալ այնպիսի կարեւոր ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են դատական, հարկային ու մաքսային գործառնութիւններու, առողջութեան, կրթութեան, ռազմական եւ իրաւապահ ոլորտները»:

Վարուժան Հոկտանեանի խօսքով, այս զեկոյցով ամերիկեան կողմը Հայաստանի իշխանութիւններուն հետեւեալ ուղերձը կը յղէ՝ երկրի մէջ համակարգային փոփոխութիւններ պէտք է կատարուին, որպէսզի ներդրողները գան:

«Կաշառակերութեան դէմ պայքարի առաջին ռազմավարութիւնից սկսած հիմնականում օրէնքներ ու ենթաօրէնսդրական աքթեր են ընդունւում, որոնք ենթադրւում է, որ պէտք է կիրարկուեն: Բայց կիրարկում չի լինում: Դրա հիմնական պատճառը քաղաքական կամքի բացակայութիւնն է: Իսկ երբ մի քիչ խորանում ես, թէ ինչու չկայ քաղաքական կամք, ես այդ խնդիրը տեսնում եմ գոյութիւն ունեցող տնտեսական ու քաղաքական մօտելի մէջ: Այսինքն՝ եթէ մօտելը չի փոխւում, եթէ մենք իրականում ունենք տնտեսութեան մէջ մենաշնորհուած ոլորտներ, եւ այդ մենաշնորհումը գնաց նաեւ քաղաքականութիւն, այս պայմաններում արդէն քաղաքական կամքի դրսեւորում դժուար է ակնկալել»,-ըսած է Հոկտանեանը:

Հոկտանեանի խօսքով, ամերիկեան զեկոյցին մէջ հետեւեալ ուղերձն է, որ դէպի ծով ելք չունենալու, հակամարտութեան առկայութեան, մասամբ փակ սահմաններու պայմաններուն մէջ ամբողջ յոյսը պէտք է ըլլայ շատ արդիւնաւէտ աշխատող տնտեսական համակարգը:

«Այսինքն՝ ԱՄՆ դեսպանատան «մեսիճը» սա է՝ ասում ես ներդրումներ, ուրեմն փոխիր համակարգը», -աւելցուցած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment