Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մէկ Համաժողով, Երկու Առաջնահերթութիւն

Մէկ Համաժողով, Երկու Առաջնահերթութիւն

by MassisPost

Այս օրերուն Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովը:

Ներկայ գտնուելով ու տարբեր ելոյթներու ընդմէջէն ծանօթանալով Համաժողովի ընթացքին արտայայտուած տեսակէտներուն, կարելի  է արձանագրել որ, բացի Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի հարցէն, անջրպետ մը գոյութիւն ունի Հայաստանի պետական  պաշտօնեաներու արտայայտած լաւատեսութեանց ու  արտասահմանէն  եկած պատուիրակներուն առաջնահերթութիւններուն եւ ունեցած մտահոգութիւններուն միջեւ: Հայաստանի ներկայացուցիչները, սկսեալ նախագահէն, անցնելու համար վարչապետին, պաշտպանութեան նախարարին եւ իշխանութեան այլ ներկայացուցիչներուն, կը խօսին երկրի յառաջդիմութեան, նոր սահմանադրութեան ընձեռած առիթներուն,  «օրինակելի ընտրութիւններու», տնտեսութեան զարգացման, օտար  ներդրումներու հոսքի  եւ 4 միլիոն հայութեամբ երկիր դառնալու հեռանկարի մասին:

Միւս կողմէ, արտասահմանի ներկայացուցիչները իրենց մտահոգութիւնները կը փոխանցեն առաջին հերթին տակաւ շարունակուող արտագաղթի, ու անոր հետեւանք եղող ժողովրդագրական իրավիճակի վատթարացման, ընկերային անարդարութեանց, ժողովուրդի աղքատութեան  եւ երկրի դիմագրաւած այլ տագնապներու մասին:

Համաժողովին  նախորդած ժամանակաշրջանին, Հայաստանի մամուլն ու մեկնաբանները կ’արտայայտէին  այն կարծիքը, թէ Համաժողովի սփիւռքահայ պատուիրակները կը ժամանեն Հայաստան  իշխանութիւններուն կողմէ «շահագործուելու » ու անոնց խնկարկելու համար:

Սակայն, իսկական պատերը եղաւ այն, որ սփիւռքահայութեան ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներուն, հարցադրումներուն եւ մամուլի հարցազրոյցներուն ընդմէջէն, առանց վարանելու կը քննադատեն իշխանութիւններու գործելաոճը, ցոյց տալով որ չեն եկած ծափահարելու եւ կամ ներկայացուածը   ընդունելու` ինչպէս որ է: Այս  իմաստով, սփիւռքահայութեան մասնակցութիւնը Համաժողովին կարելի է նկատել արդարացուած:

Այժմ, Հայաստանի ղեկավարութեան կը մնայ աշխատիլ` գոյութիւն ունեցող առաջնահերթութիւններու անջրպետը մօտեցնել զիրար, որպէսզի սփիւռքահայութիւնը աւելի վստահութեամբ իր մասնակցութեան բաժինը բերէ Հայրենիքի զարգացման գործին:

«ՄԱՍԻՍ »

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment