Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Քոնկրէսականներ Արցախ Այցելած են

ԱՄՆ Քոնկրէսականներ Արցախ Այցելած են

by MassisPost

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներ Ֆրանք Փալոն եւ Թուլսի Կապըրտ ԱՄՆ-ի մօտ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանի, Ամերիկայի հայկական համագումարի (ԱՀՀ) համանախագահ Անթընի Բարսամեանի եւ «Հայաստան» հիմնադրամի ԱՄՆ կառոյցի տնօրէն Մարիա Միհրանեանի ուղեկցութեամբ 20 Սեպտեմբերին ժամանած են Արցախ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն:

Քոնկրէսականներն առաւօտեան Շուշիի մէջ դիմաւորած է Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան: Այնուհետեւ հիւրերը այցելած են Շուշիի արհեստագործական ուսումնարան եւ Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցի:

ԱԺ նախագահի աշխատասենեակին մէջ տեղի ունեցած առանձնազրոյցէն ետք կայացած է ընդլայնուած կազմով հանդիպում: Նիստերու մեծ դահլիճին մէջ կազմակերպուած հանդիպման մասնակցած են Արցախի օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչները, հանրային-քաղաքական եւ գիտակրթական ոլորտներու պատասխանատուները:

Ներկայացնելով հիւրերը, ԱԺ նախագահը նշած է, որ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ մշտապէս կը զգան Քոնկրէսի Հայկական հարցերով յանձնախումբի աջակցութիւնը համահայկական նշանակութեան հարցերուն մէջ: Խօսելով անցնող տարիներու համագործակցութեան մասին, Աշոտ Ղուլեան կարեւորած է 2006 թուականէն ԱՄՆ Քոնկրէսի մէջ Արցախի անկախութեան նուիրուած միջոցառումներու կազմակերպումը եւ Արցախի միջազգային ճանաչման հարցին մէջ քոնկրէսականներու հետեւողական ջանքերը:

«Պատահական չէ, որ հենց ամերիկեան նահանգներից են գալիս Արցախի անկախութիւնն ու ազատութիւնը սատարող առաջին ազդակները, որոնք արտայայտուում են նահանգային մակարդակի օրէնսդիր մարմինների կողմից ընդունուած բանաձեւերի տեսքով: Նման բանաձեւերը ոչ միայն քաջալերում են Արցախի ժողովրդին ազատութեան համար անհաւասար պայքարում, այլեւ մէկ անգամ եւս փաստում են ԱՄՆ-ի հաւատարմութիւնն ազատութեան բացարձակ գաղափարին»,- ընդգծած է  խորհրդարանի նախագահը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման համար, Ֆրանք Փալոն անդրադարձած է Քոնկրէսի Հայկական հարցերով յանձնախումբին եւ Արցախի իշխանութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ձեւաւորուած աւանդոյթներուն եւ գոհունակութիւն յայտնած Արցախի մէջ տարուէ տարի նկատուող քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական առաջընթացին առումով:

ԱՄՆ Քոնկրէսին մէջ Հայկական հարցերով յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրանք Փալոն շեշտած է, որ իրենց գործունէութիւնը գլխաւորաբար նպատակ ունի ամերիկեան հասարակութեան հասցնելու Արցախի մասին երեք իրողութիւն, որ Արցախ իրաւական երկիր է, որ այն անկախացած է միջազգային իրաւունքի նորմերուն համապատասխան եւ ունի արդիւնաւէտ գործող պետական հիմնարկներ:

Քոնկրէսական Թուլսի Կապըրտ, խօսելով Արցախ կատարած իր առաջին այցին մասին, ընդգծած է, որ որպէս նախկին զինուորական քաջ կը գիտակցի պատերազմի մէջ գտնուող ժողովուրդներու կողմէ խաղաղութեան ընկալման արժէքը եւ, որպէս իշխանութեան ներկայացուցիչ, յետագային նոյնպէս պիտի շարունակէ աջակցիլ արցախցիներու արդար պահանջին:

Եզրափակելով հանդիպումը, խորհրդարանի նախագահը նշած է, որ ամերիկացի գործընկերներու այցը միասնական նպատակին՝ Արցախի միջազգային ներգրաւուածութեան ու ճանաչման ընդառաջ քայլ մըն է, որ արժանի է գոհունակութեան եւ բարձր գնահատանքի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment