Home Uncategorized Թրքական Իշխանութիւնները Հերքած են Հայկական Գերեզմանատան Վրայ Հանրային Զուգարան Կառուցելու Մասին Լուրերը

Թրքական Իշխանութիւնները Հերքած են Հայկական Գերեզմանատան Վրայ Հանրային Զուգարան Կառուցելու Մասին Լուրերը

by MassisPost

Թրքական պատկան մարմինները հերքած են Վան նահանգի Էտրեմիթ շրջանին մէջ հայկական գերեզմանատան վրայ հանրային զուգարան կառուցելու մասին թրքական մամուլի մէջ տարածուած լուրերը:

«Ճումհուրիէթ» պարբերականի հաղորդմամբ, օրերս Էտրեմիթի իշխանութիւնները Տիլքայա գիւղին մէջ հանրային լողափ բացած են, որուն հարեւանութեամբ ալ զուգարան, լոգանքի խցիկ եւ ինքնաշարժներու կայանատեղի կառուցած են: Թերթը կը գրէ, որ առաջին աստիճանի պահպանութեան տարածք ճանչցուած այս վայրին մէջ հայկական գերեզմանատուն եղած է: Շինարարական աշխատանքներու ընթացքին հողէն մարդկային ոսկորներ դուրս հանուած են:

Էտրեմիթի քաղաքապետարանը, սակայն, կը պնդէ, որ տարածքին մէջ հայկական գերեզմանատուն չկայ եւ լողափին յարակից ոչ մէկ շինութիւն կառուցուած է:

«Տարածքին մէջ շինարարութիւն չէ կատարուած, միայն լողափին մօտ փայտէ խցիկներ ու շարժական զուգարաններ տեղադրուած են: Այստեղ ուրարտական շրջանի մնացորդներ կան: Անոնց վնաս չէ հասցուած, ընդհակառակը, պահպանութեան տակ առնուած եւ բացուած են զբօսաշրջիկներու համար: Տարածուած անհիմն լուրերը սադրիչ բնոյթ ունին», – նշուած է քաղաքապետարանի յայտարարութեան մէջ:

Մինչդեռ Տիլքայա գիւղի 65-ամեայ բնակիչ Վահտեթթին Քոչկուրպուզ «Ճումհուրիէթ»ին պատմած է, որ հանրային լողափի տարածքին իսկապէս հայկական գերեզմանատուն եղած է:

«Ասոնք հայկական հողեր եղած են: 1984 թուականին այստեղ ոսկորներու հաւաքման աշխատանքներ կատարուեցան, սակայն մինչեւ օրս գերեզմանոցէն ոսկորներ դուրս կու գան: Ճիշդ չէ այստեղ լողափ կառուցելը: Գերեզմանատան վրայ զուգարան կառուցելու մասին խօսք չի ալ կրնար ըլլալ», – ըսած է գիւղի բնակիչը: Վերջինիս համագիւղացին նոյնպէս անթուլատրելի համարած է մարդոց ոսկորներու վրայ զուարճանքի, ժամանցի վայր կառուցելու փաստը:

Հայ մեծանուն նկարիչ Արշիլ Կորքիի ծննդավայրը համարուող այս շրջանին մէջ 1984 թուականին Էկեյեան համալսարանը, Վանի թանգարանը եւ Վանի տարածաշրջանի պատմութեան ու հնագիտութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնը համատեղ պեղումներ իրականացուցած են: Ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքով Տիլքայա բլուրին մէջ ուրարտական շրջանին պատկանող 24 դամբարան եւ շարք մը պատմական գտածոներ յայտնաբերուած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment