Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սամուէլ Ալեքսանեանի Սննդամթերքի Մենաշնորհի Դէմ Մարտահրաւէր

Սամուէլ Ալեքսանեանի Սննդամթերքի Մենաշնորհի Դէմ Մարտահրաւէր

by MassisPost

«Հայազն» կուսակցութեան ղեկավար Արմէն Մկրտչեանն ու քաղթեխնոլոկ Կարէն Քոչարեանը որոշած են զբաղուիլ շաքարաւազի, ալիւրի, ձէթի, հաւի պուտի եւ շարք մը այլ ապրանքատեսակներու ներկրմամբ: Այդ ապրանքատեսակներու շուկային մէջ մենաշնորհ ունին ԱԺ ՀՀԿ-ական պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեանի հետ կապակցուող ընկերութիւնները:

Մինչ այժմ ոչ մէկը չէ կրցած այս շուկային մէջ մարտահրաւէր նետել Սամուէլ Ալեքսանեանին: Իսկ նման փորձ ընողներուն ալ կամ սպառնացած են, կամ պատժած, կամ ալ «գնած»:

«Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Արմէն Մկրտչեան ըսած է, որ արդէն միջազգային կազմակերպութիւններու հետ ունին յստակ պայմանաւորուածութիւններ, հանդիպումները կայացած են, եւ յառաջիկայ քանի մը օրերու ընթացքին շաքարաւազի առաջին խմբաքանակը կը հասնի Հայաստան:

«Շաքարաւազի ներկրման ամբողջ պրոցէսը լինելու է հրապարակային, որեւէ թաքուն գործարք, հանդիպում, պայմանաւորուածութիւն չի լինելու, քանի որ մեր գերնպատակը մենաշնորհ կոչուած միֆը կոտրելն է: Մենք ցանկանում ենք ցոյց տալ, թէ ինչպէս կարելի է օրինական ճանապարհով, բոլոր հարկերը վճարելով շաքարաւազ ներկրել, եւ դրա արդիւնքում որքան կարժենայ այն շուկայում», ըսած է ան:

Արմէն Մկրտչեանը նաեւ ըսած է, որ իրենց հաշուարկներով՝ շաքարաւազը աւելի աժան պիտի ըլլայ:

Իր հերթին, Կարէն Քոչարեանը ըսած է, որ ներկայիս ընկերութիւն կը գրանցէ, որու միջոցաւ ալ պիտի ներկրէ հաւի պուտ, չի բացառեր նաեւ՝ ձէթ, ալիւր, կարագը:

Հետաքրքիր է, ինչ հակաքայլ պիտի ընէ Սամուէլ Ալեքսանեանը: Ժամանակին, օրինակ, ըստ մամուլի՝ ան ատրճանակ պահած էր ՏՄՊՊՀ նախագահի գլխուն, որ համարձակած էր հակամենաշնորհային որոշում ընդունիլ:

Սամուէլ Ալեքսանեանը Հայաստանի մէջ իշխող տնտեսա-քաղաքական համակարգի ամենախոշոր «տոնըրներէն» մէկն է, ստուերային պիւտճէի հիմքերէն մէկը: Այդ պիւտճէէն կը ֆինանսաւորուին իշխող համակարգի «միջոցառումները», մասնաւորապէս՝ ընտրութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment