Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զէման մտադիր չէ վերանայիլ իր դիրքորոշումը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու ցեղասպանութեան հարցի վերաբերեալ, որ կը համարէ ժամանակակից շրջանի ամենավատթարագոյն դաժանութիւններէն մէկը, այսօր լրագրողներուն ըսած է Զէմանի մամլոյ քարտուղար Իրժի Օվչաչեկը:
Ան նշած է, որ «Թուրքիոյ բացասական արձագանգը նախագահին չի զարմացներ՝ այն սպասելի էր»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոշտ յայտարարութեամբ արձագանգած է Չեխիոյ խորհրդարանէն ներս Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման, ինչպէս նաեւ Չեխիոյ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդին Միլոշ Զէմանի յղած նամակին:
«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք եւ կը մերժենք Չեխիոյ խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ՝ Պատգամաւորներու խորհուրդին կողմէ 25 Ապրիլին ընդունուած բանաձեւը: Մենք նաեւ հիասթափուած ենք նախագահ Զէմանի նամակէն, որ 24 Ապրիլին յղուած է իր երկրի հայ համայնքին՝ կապուած 1915 թուականի իրադարձութիւններու հետ, որովհետեւ այն լուրջ անհամապատասխանութիւններ կը պարունակէ», – նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին մէջ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ:
Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան մեկնութեամբ՝ Զէման իր նամակին մէջ նշած է, որ պատմութիւնը պէտք չէ մեկնաբանուի քաղաքական գործիչներու կողմէ, այն պէտք է վերլուծեն ու մեկնաբանեն պատմաբանները, «սակայն նախագահը կը հակասէ իր սեփական խօսքերուն՝ քաղաքական գնահատականներ տալով 1915-ի իրադարձութիւններուն»:
Անգարան իր դիրքորոշումը ներկայացուցած է Թուրքիոյ մէջ Չեխիոյ դեսպանին: «Քաղաքական բնոյթի այս գործողութիւններու դէմ, որոնք բացայայտ կը հակասեն պատմական փաստերուն, ինչպէս նաեւ օրէնքի հիմնարար դրոյթներուն, մեր դիրքորոշումը փոխանցուած է Անգարայի մէջ Չեխիոյ դեսպանին», – նշուած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ: