Ի պատասխան տարբեր լրատուամիջոցներու բազմաթիւ հարցումներուն՝ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մամլոյ կեդրոնը յայտնած է, որ մաքսանենգ եղանակով Հայաստանի Հանրապետութիւն «Իգլա» տեսակի զէնիթա-հրթիռային համալիր տեղափոխելու փաստի առթիւ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս այս պահին ձերբակալուած են 3 անձ, որոնց շարքին է՝ ՀՀ քաղաքացի Սամուէլ Պապայեանը։ Այս մասին յայտնած է ԱԱԾ լրատուական ծառայութիւնը:
Կատարուած քննչական գործողութիւններու եւ ազդու հետախուզական միջոցառումներու արդիւնքով ստացուած են նաեւ արժանահաւատ տուեալներ, որ նշուած զէնիթա-հրթիռային համալիրի բաղկացուցիչ մասերու ձեռքբերումը եւ փոխադրումը իրականացուցած անձինք գործած են Սամուէլ Պապայեանի հետ ունեցած նախնական համաձայնութեամբ եւ անոր պատուէրով։
Ըստ փորձագէտի եզրակացութեան՝ զէնիթա-հրթիռային համալիրի բաղադրիչ կազմող «9M39» մարտական հրթիռը պիտանի է յետագայ շահագործման համար եւ կը հանդիսանայ ռազմամթերք։
Տեղի ունեցած են պարզաբանումներ զէնիթա-հրթիռային համալիրի բաղկացուցիչ մասերու ձեռքբերման շարժառիթներու, հնարաւոր օգտագործման նպատակներու, ինչպէս նաեւ ֆինանսաւորման աղբիւրներու շուրջ։
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։