Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երկու Ընտրապայքար Միաժամանակ

Երկու Ընտրապայքար Միաժամանակ

by MassisPost

Ապրիլ 2-ին կայանալիք Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ընթացքին նկատուող գլխաւոր երեւոյթներէն մէկը,  իշխող հանրապետական կուսակցութեան ցուցանակներուն վրայ, Ժպտադէմ ու երիտասարդական կեցուաքներով նկարուած, վարչապետ Կարէն Կարապետեանի առանձին ու տիրապետող ներկայութիւնը է,    հակառակ որ անոր անունը չկայ իսկ  թեկնածուներու ցանկին վրայ:

Հանրապետական կուսակցութիւնը լաւ գիտակցելով, որ իր ղեկավարութեան մեծ մասը վարկաբեկուած դէմքեր են, որոնց հետ ընտրութիւններուն ներկայանալը խիստ վտանգաւոր է, Կարէն  Կարապետեանը դարձուցած է իր ընտրապայքարի դիմագիծը, նկատի առնելով որ  առայժմ ան  հանրութեան  մօտ ունի որոշ չափով դրական ընկալում: Այսպիսով, իշխանութիւնները կը փորձեն ժողովուրդը մոլորեցնելով լուծել իրենց անմիջական հարցը`  դառնալու մեծամասնութիւն յառաջիկայ Խորհրդարանէն ներս:

Միւս կողմէ սակայն, Կարէն Կարապետեան ընդունած է խաղալ այդ դերը, լուծելու համար իրեն համար խիստ կարեւոր մէկ այլ հարց`  2018 թուականէն ետք վարչապետի աթոռը ստանձնելու հարցը: Այդ թուականին պիտի աւարտի Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան երկրորդ եւ վերջին ժամանակաշրջանը ու Հայաստան, նոր սահմանադրութեամբ անցում պիտի կատարէ դէպի խորհրդարանական կառավարման ձեւին, ուր վարչապետը պիտի դառնայ երկրի թիւ մէկ ղեկավարը:

Սպասուող այս բոլոր դասաւորումներու ու զարգացումներու լոյսին տակ կարելի է ըսել, որ ներկայիս միանգամայն  տեղի կ’ունենան երկու տեսակի ընտրապայքարներ: ՀՀԿ կը փորձէ օգտագործելով Կարէն Կարապետեանը պահել իշխանութիւնը, իսկ Կարէն Կարապետեանը  օգտագործելով ՀՀԿ-ն կը միտի ամրապնդել իր դիրքերը, հասնելու համար երկրի թիւ մէկ ղեկավարը դառնալու իր նպատակին:

Քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով, Ապրիլ 2-ի ընտրութիւններէն ետք, եթէ հանրապետականները դարձեալ դառնայ մեծամասնութիւն,   բախումը  անխուսափելի է մէկ կողմէ Սերժ Սարգսեանի, որ պիտի Փորձէ երկարաձգել իր իշխանութիւնը, այս անգամ որպէս երկրի վարչապետ,  իսկ միւս կողմէ Կարէն Կարապետեանի միջեւ, որ պիտի պահանջէ իր աշխատանքի արդար վարձատրութիւնըª 2018-էն ետք մնալով վարչապետի աթոռին:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment