Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Դուք Կրնաք Լուսին Այցելել, Բայց ոչ Լեռնային Ղարաբաղ. Ալիեւի Վարչակազմի Երկիւղած Քաղաքականութիւնը». Huffingtonpost

«Դուք Կրնաք Լուսին Այցելել, Բայց ոչ Լեռնային Ղարաբաղ. Ալիեւի Վարչակազմի Երկիւղած Քաղաքականութիւնը». Huffingtonpost

by MassisPost

Մարդոց ազատ տեղաշարժի իրաւունքի նկատմամբ Ազրպէյճանի ոտնահարումներուն ու պլոկըր Լափշինի նկատմամբ հետախուզում յայտարարելու քայլին անդրադարձած է ամերիկեան «Huffingtonpost»-ը:

«Դուք կրնաք Լուսին այցելել, բայց ոչ Լեռնային Ղարաբաղ. Ալիեւի վարչակազմի երկիւղած քաղաքականութիւնը» վերնագրուած յօդուածն մէջ, Ալիեւեան կլանի բռնապետական ռեժիմի անօրինականութիւններուն զուգահեռ՝ կը ներկայացուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ծագման պատմութիւնը, թէ ինչպէս մէկ այլ բռնապետ՝ Ժոզէֆ Սթալինը 1921 թուականին 95 տոկոս հայ բնակչութիւն ունեցող Արցախը բռնակցել Ատրպէյճանական ՍՍՀ-ին՝ հիմք դնելով 1991-էն առ այսօր ծաւալուող հակամարտութեան:

«Այլ հնարքներուն զուգահեռ՝ Պաքուն կը շարունակէ պնդել, որ Լեռնային Ղարաբաղ այցելած իւրաքանչիւր օտարերկրացի ապօրինաբար հատած է Ազրպէյճանի սահմանը: Ազրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը 683 հոգիի յայտարարած է «պերսոնա նոն կրատա»: Երբ կը տեսնես, որ միայն անցած 2 տարիներու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղ մօտ 25000 զբօսաշրջիկ այցելած է, պարզ կը դառնայ, թէ ինչ անկատար է Ազրպէյճանի ցուցակը եւ ինչ անհեթեթ է պլոկըր Լափշինի ձերբակալութիւնը: Անշուշտ, Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակին» մէջ կը յայտնուին անոնք, որոնց այցելութիւնները յայտնի կը դառնան լրատուամիջոցներու միջոցաւ:

Ամերիկացի տիեզերագնաց Չարլզ Տիւկը, սպանացի օփերային երգչուհի Մոնսերաթ Կապալիէն եւ Ֆրանսայի Ներքին գործերու գործող նախարար Պրունօ Լը Ռուն այս ցուցակի ամենաակնառու ներկայացուցիչներն են: Տիւկը 10-րդ մարդն է, որուն ոտքը դպած է Լուսինի մակերեւոյթին՝ «Ափոլո 16»-ի կազմին մէջ, սակայն ԼՂՀ այցելելէ ետք անոր ոտքը ալ չդպնայ Ազրպէյճանի հողին (եթէ պահ մը ենթադրենք, թէ ինք կ’ուզէ):

Լափշինը ճանապարհորդ-լրագրող է, որ 120 երկիրներ այցելած է: 2016-ի վերջաւորութեան ան գացած է Պելառուս. Որոշում մը, որու համար պէտք է որ զղջայ: 7 փետրուարին ան արտայանձնուեցաւ Ազրպէյճանին: Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն 2 անգամ պահանջած է, որ այս որոշումը կասեցուի: Յատկանշական է այն փաստը, որ թէ Լուկաշէնկոն, թէ Ալիեւը լրագրողներու նկատմամբ ճնշումներ գործադրողներու ցուցակին առաջատար դիրքեր  կը զբաղեցնեն»:

«Լափշինի պլոկին մէջ կանխատեսելի զարգացումներ կը նկատուին, այն պահէն, երբ ան «ժամանած» է Պաքու: ԼՂՀ-ին վերաբերող անոր հրապարակումները հեռացուած են, իսկ այցելած երկիրներու շարքէն կը բացակայի Լեռնային Ղարաբաղ անունը:

Ըստ լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէի՝ Ազրպէյճանի մէջ կայ բանտարկուած 259 լրագրող. եւ այս՝ ընդամէնը 7 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրին մէջ»,- նշուած է յօդուածին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment