Հոկտեմբեր 8-ին Գորիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն միջեւ տեխնիկական հանդիպում՝ նուիրուած TRIPP նախագիծի շրջանակներուն մէջ ելեկտրահաղորդման գիծերու տեղակայման հարցերուն, յայտնած են Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութենէն։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են ելեկտրահաղորդման գիծերու տեղակայման առնչուող տեխնիկական հարցեր, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակած են տուեալ ուղղութեան համապատասխան տեսակէտներու շուրջ:
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է համապատասխան կառոյցներուն միջեւ համակարգման առնչուող հարցերուն եւ աշխատանքներու յառաջմղման համար անհրաժեշտ հետագայ քայլերուն։
Նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցած էր Օգոստոս 25-ին Լաչին քաղաքին մէջ։ Հանդիպած էին Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքների նախարարութեան եւ հայկական «Էլեկտրաէներգետիկական համակարգի օպերատոր» ընկերութեան, Ատրպէյճանի Ուժանիւթի նախարարութեան եւ ատրպէյճանական «Ազերէներջի» ընկերութեան ներկայացուցիչները։
Օգոստոս 24-ին Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան 2026-2031-ի ծրագիրը ներկայացնելու ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադառնալով TRIPP նախագծին՝ ընդգծած էր, որ այն պիտի ներառէ ոչ միայն երկաթուղին, այլեւ խողովակաշարեր, ճանապարհներ, մալուխներ, ելեկտրահաղորդման գիծեր։ Վարչապետը շատ հաւանական համարած է, որ ելեկտրահաղորդման գիծերը պիտի ըլլան TRIPP–ի շրջանակներուն մէջ գործարկուած առաջին ենթակառուցուածքը, որովհետեւ նախ՝ տեխնիկապէս համեմատաբար հեշտ է արագ աւարտին հասցնելը, եւ յետոյ՝ ելեկտրուժի աշխարհին մէջ աճող պահանջարկը կը ստիպէ աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել տարածաշրջանէն ելեկտրական ուժանիւթի արտահանման նախագիծերուն։

