Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Human Rights Watch Կոչ Ըրած է ԵՄ-ին՝ Ստիպել Ալիեւին Դադրեցնել ճնշումները Ընդդիմադիրներու Նկատմամբ

Human Rights Watch Կոչ Ըրած է ԵՄ-ին՝ Ստիպել Ալիեւին Դադրեցնել ճնշումները Ընդդիմադիրներու Նկատմամբ

by MassisPost

Human Rights Watch կոչ է ըրած Եւրոպական միութեան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ստիպել ազատ արձակել ձերբակալուած քաղաքական ընդդիմադիրները, լրագրողները, իշխանութեան քննադատողները եւ դադրեցնել ճնշումները անկախ խումբերու նկատմամբ, թոյլ տալ անոնց ազատ գործունէութիւնը:

Այս մասին, յայտնած է ատրպէյճանական azadliq.info լրատուական գործակալութիւնը:

«Այսօր` Փետրուար 6-ին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրամիութեան պաշտօնեաներու հանդիպումը: Իլհամ Ալիեւ մասնակցած է Ատրպէյճանի եւ Եւրամիութեան միջեւ կնքուելիք համաձայնագրերու քննարկման»,-ըսուած է կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ:

Հանդիպման նախօրէին մարդու իրաւունքներու 76 կազմակերպութիւններ նամակով դիմած են Եւրամիութեան պաշտօնեաներուն եւ կոչ ըրած Իլհամ Ալիեւի առջեւ դնել յստակ յանձնառութիւններ:

«Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ԵՄ-ն ու Ատրպէյճանը մտած են համագործակցութեան նոր շրջան, ժամանակն է, որ Ատրպէյճան համապատասխանէ կազմակերպութեան բոլոր չափանիշներուն: ԵՄ-ն տէր կը կանգնի իր խոստման, եւ Ալիեւ պէտք է դադրեցնէ ընդդիմադիր ուժերու նկատմամբ ճնշումները եւ պէտք չէ անտեսէ մարդու իրաւունքներու հարցը»,- ըսուած է Human Rights Watch-ի Եւրամիութեան գծով տնօրէն Լոթէ Լայթի յայտարարութեան մէջ:

Human Rights Watch-ի յայտարարութեան մէջ նշուած է. «2016-ի վերջը Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի յուշարձանին գրառում կատարած երիտասարդ ընդդիմադիրներ Պայրամ Մամմետով եւ Կիաս Իպրահիմով թմրանիւթեր պահելու եւ իրացնելու շինծու մեղադրանքներով ենթարկուած են 10 տարուան ազատազրկման: 2016-ին կեղծ մեղադրանքներով  տարբեր տարիներու ազատազրկումներու ենթարկուած են ընդդիմադիր NIDA եւ այլ շարժումներու անդամ ընդդիմադիրներ»,- ըսուած է կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ:

Human Rights Watch նշած է նաեւ, որ բազմաթիւ ընդդիմադիրներ վերջին շրջանին ճնշումներէն եւ հետապնդումներէն փրկուելու համար լքած են Ատրպէյճանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment