Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Հայ Փաստաբանները Կոչ Կ’ընեն Բելառուսի Իշխանութիւններուն «Ողջախոհութիւն Դրսեւորել» Ալեքսանդր Լապշինի Հարցով

Հայ Փաստաբանները Կոչ Կ’ընեն Բելառուսի Իշխանութիւններուն «Ողջախոհութիւն Դրսեւորել» Ալեքսանդր Լապշինի Հարցով

by MassisPost

Արցախ այցելած բլոգեր Ալեքսանդր Լապշինի Ատրպէյճանին յանձնելը, հայ փաստաբաններու գնահատմամբ, իրաւաչափ չէ։ Հայաստանի փաստաբաններու պալատը հաղորդած էր, որ Պելառուս գլխաւոր դատախազի տեղակալը որոշում կայացուցած է` բաւարարել Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան խնդրանքը Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի Ալեքսանդր Լապշինին յանձնելու վերաբերեալ՝ Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգրքով վերջինիս պատասխանատուութեան ենթարկելու համար։

Բլոգեր Ալեքսանդր Լապշին Ատրպէյճանի պահանջով Մինսկի մէջ ձերբակալուած էր 14 Դեկտեմբերին՝ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելութիւններ կատարելու եւ Ղարաբաղը որպէս անկախ պետութիւն ճանչնալու համար:

«Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգրքի 281 յօդուածը շատ նման է Թուրքիայի քրէական օրէնսգրքի տխրահռչակ 301 յօդուածին։ Բայց ահա տեսնում ենք, որ Ատրպէյճանն այն նոյն քաղաքականութիւնն է որդեգրում, ինչը որ Թուրքիան որդեգրել է բոլոր այն անձանց նկատմամբ, ովքեր, ասենք, քրդերի հարցն են բարձրացրել, հայերի հարցն են բարձրացրել։ Եթէ Ատրպէյճանը 281 յօդուածն է կիրառում, ինքը ներքաշուում է աշխարհակարգի դէմ։ Եթէ նոյնիսկ Լապշինին յանձնեն, տասնամեակ ձգուող դատական գործընթաց է սկսուելու: Ոչ միայն դատական, այլեւ մարդու իրաւունքների տարբեր պլաթֆորմներում անընդհատ Ատրպէյճանին յիշեցնելու են, որ դու արել ես սա, կամ անում ես սա»:

Փաստաբան Սիմոն Պապայեանի խօսքով, Հայաստանը Պելառուս դատախազութեան որոշման բողոքարկման գործընթացին որեւէ մասնակցութիւն չի կրնար ունենալ, սակայն, գործին կրնան միջամտել ռուս իրաւապաշտպանները, քանի որ Լապշին նաեւ Ռուսիոյ քաղաքացի է։

Ասուլիսին մասնակցող փաստաբանները տեղեակ չէին՝ թէ Լապշին իր այցերու ու յայտարարութիւններու համար Ատրպէյճանէն ներողութիւն խնդրած է։ «Եթէ անձը կալանքի տակ որեւէ յայտարարութիւն է անում, ի սկզբանէ պէտք է դրան մօտենալ վերապահումով»,- ըսաւ Ղազարեան:

Հանրային խորհուրդի մամլոյ խօսնակ Անի Գասպարեանի խօսքով, խորհուրդը Լապշինի հարցով նամակ յղած է Պելառուս նախագահ Ալեքսանդր Լուկաշենկոյին՝ կոչ ընելով «ողջախոհութիւն դրսեւորել ու յետ կանգնել բլոգերին արտայանձնելու որոշումից»։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը տեղեկացուցած էր, թէ իրենք եւս կը զբաղին ձերբակալուած բլոգերի հարցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment