Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սարգիս Հացպանեան – «Սէյրան Օհանեան Առաջինը Պէտք է Երթար Մարտի 1-ի Տասը Անմեղ Զոհերու Գերեզմանին Ծաղիկ Դնէր»

Սարգիս Հացպանեան – «Սէյրան Օհանեան Առաջինը Պէտք է Երթար Մարտի 1-ի Տասը Անմեղ Զոհերու Գերեզմանին Ծաղիկ Դնէր»

by MassisPost

«Չեմ հաւատար ՀՀ իշխանութիւններու յայտարարութիւններուն, թէ ներսէն պիտի փոխուին կամ, որ իրենք իրենց պիտի փոխեն: Իշխանութիւնները ունին լծակներ, որոնք չեն օգտագործուիր եւ լծակ չունեցողները «Սասնայ ծռեր» կը դառնան»,- «Նոյան տապան» մամլոյ սրահին մէջ ամփոփելով տարին` այսպիսի եզրակացութեան եկաւ տարածաշրջանային հարցերով փորձագէտ Սարգիս Հացպանեան:

Ան, անդրադառնալով տարուան առանցքային իրադարձութիւններուն, առանձնացուց ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը. «Այն ցոյց տուաւ, որ հայ ազգը կանգուն է իր հայրենիքը պաշտպանող, սքանչելի երիտասարդներով, որոնք ոչինչով չեն զիջիր արցախեան ազատամարտի մասնակից սերունդին ու ձեռք բերուած յաղթանակներու տէրն ու տիրականն են»:

Անդրադառնալով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանիի` Հայաստան այցին` պարոն Հացպանեան նկատեց. «Իրան ցոյց կու տայ, որ գործընկեր ու դրացի է Հայաստանին»:

Յուլիսեան իրադարձութիւններուն`ՊՊԾ գունդի գրաւման, եւս անդրադարձ կատարուեցաւ. «Ըմբոստ ուժերը ուզեցին իշխանութեան ամենասուր կարգավիճակով ահազանգ հասցնել այն վիճակի մասին, որ երկրին մէջ կը տիրէ»:

Աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններէն Սարգիս Հացպանեան յիշատակեց ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամբի ընտրութիւնն ու Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններու ջերմացումը:

Ներքաղաքական իրադարձութիւններէն ՀՀ վարչապետի պաշտօնին Կարէն Կարապետեանի նշանակումը եւս մտահոգիչ է փորձագէտի համար: Ըստ անոր` Կարէն Կարապետեանի` Մոսկուայէն Երեւան բերուիլն ու վարչապետի պաշտօնին նշանակուիլը արդէն իսկ ՀՀ Սահմանադրութեան խախտում էր, քանի որ ըստ ՀՀ Սահմանադրութեան`միայն վերջին չորս տարիներուն անընդմէջ ՀՀ-ի բնակիչ հանդիսացող քաղաքացին կրնայ նշանակուիլ ՀՀ վարչապետ: Սարգիս Հացպանեանի պնդումով`«Կարէն Կարապետեան հարիւր օրուան մէջ հարիւր անգամ խօսեցաւ, բայց մէկ էական գործ չտեսանք: Անոր նշանակած նախարարներէն գոնէ երեք-չորսին կը ճանչնամ եւ չեմ կարծեր, որ մեր հասարակութեան եւ ժողովուրդին օգուտ կու տան: Կարէն Կարապետեանի տեղը ըլլայի` Նոր տարին չէի նշեր, քանի որ ան իր վարչապետութեան առաջին տարին պիտի նշէ քաղբանտարկեալներով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ»:

Անդրադառնալով Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ելոյթին` Սարգիս Հացպանեան տարօրինակ համարեց այն, որ ՀՀ առաջին նախագահը փոխած է իր այն դիրքորոշումը: Ըստ պարոն Հացպանեանի` ՀՀ առաջին նախագահի ելոյթին հնչած միակ ճիշդ բանն այն է, որ եթէ Ատրպէյճան միակողմանի սանձազերծէ պատերազմ, մի քանի շրջան եւս կը կորսնցնէ:

Ընդդիմադիր դաշտին մէջ նոր յայտ ներկայացնելու վերաբերեալ պարոն Հացպանեան ըսաւ. «Մեր ժողովուրդը պէտք է գիտակցի, որ կարելի չէ նոր Արթուր Պաղտասարեաններուն քաղաքական դաշտին մէջ ընդունիլ: Սէյրան Օհանեան այն օրը, երբ պաշտօնը թողեց, առաջինը պէտք է երթար Մարտի 1-ի տասը անմեղ զոհերու գերեզմանին ծաղիկ դնէր, ներողութիւն խնդրէր, ներողութիւն խնդրէր նաեւ ամբողջ ազգէն, որ բանակը ուղղակի միջամտած է այդ ամբողջին»: Սարգիս Հացպանեանի փոխանցումով` «չեղածներու մէջ իբրեւ ընդդիմադիր կեցուածք ունեցող մարդիկ, Սասուն Միքայէլեանն ու անոր հետ միացած անձեր են»:

Սասուն Միքայէլեանի մասին ան պատմեց. «Ես անոր բանտին մէջ ճանչցեր եմ ու կը հաւատամ, որ այդպէս գիւղական միջավայրի մէջ ձեւաւորուած եւ գիւղացիական յենարան ունեցող մարդը քաղաքին մէջ, փոփոխութիւն կատարելու հարցով դրական դերակատարութիւն պիտի ունենայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment