Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ-ի «Մակնիցքիի Օրէնքը» Կրնայ Պատժամիջոցներ Կիրառել Որեւէ Օտարերկրացիի Նկատմամբ

ԱՄՆ-ի «Մակնիցքիի Օրէնքը» Կրնայ Պատժամիջոցներ Կիրառել Որեւէ Օտարերկրացիի Նկատմամբ

by MassisPost

ԱՄՆ նախագահ Օպամա «Մակնիցքիի օրէնքի» ազդեցութիւնը ընդլայնած է ամբողջ աշխարհի վրայ։ Այս մասին նշուած է 2017-ի ռազմական ծախսերու վերաբերեալ օրէնքին մէջ։ Օրէնքը թոյլ կու տայ պատժամիջոցներ կիրառել անոնց նկատմամբ, որոնց ամերիկեան իշխանութիւնները կը կասկածին կաշառակերութեան եւ մարդու իրաւունքներու խախտման մէջ:

Ըստ օրէնքին, ԱՄՆ նախագահը կրնայ պատժամիջոցներ կիրառել որեւէ օտարերկրացիի նկատմամբ, որ կը կասկածուի ցանկացած երկրի մէջ կաշառակերութեան եւ մարդու իրաւունքները խախտելու մէջ։

ԱՄՆ-ը կը փորձէ աջակցիլ Հայաստան կաշառակերութեան դէմ պայքարին, որուն համար նոյնիսկ ֆինանսական միջոցներ տրամադրած է:

Օրեր առաջ Հայաստանի խորհրդարանը ընդունած է Ապօրինի հարստացումը քրէականացնելու վերաբերեալ օրէնքը, կաշառակերութեան դէմ յայտարարուած «պայքարի» շրջանակներուն մէջ: Օրէնքը ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 Յուլիս, 2017-էն եւ յետադարձ ուժ պիտի չունենայ:

Ըստ փորձագէտներուն՝ օրէնքով կը փորձուի օրինականացնել պաշտօնեաներու հարստացումը եւ սեփականութիւնը, որ ձեռք բերուած է համակարգային կաշառակերութեան արդիւնքով: Իսկ հայկական տնտեսա-քաղաքական համակարգը գործարքի ու իշխանութեան սերտաճումն է՝ տնտեսութեան եւ ապօրինի արտօնութիւններու հիմքի վրայ:

ԱՄՆ պաշտօնեաները կը նշեն, որ կաշառակերութիւնը Հայաստանի մէջ նաեւ անվտանգութեան խնդիր է: Այս համակարգը երկրին ներդրումներ չկատարեր եւ երկրէն կը հանէ միլիառաւոր տոլարներ, ըստ միջազգային տարբեր կառոյցներու գնահատականի՝ 7-12 միլիառ տոլար: Այդ կրկնակի աւելի է, քան Հայաստանի արտաքին պարտքը: ԱՄՆ դեսպանը կը նշէ, որ երկրէն գումարներ դուրս բերած պաշտօնեաները կը կարենան դուրսէն ազդել Հայաստանի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան վրայ:

Հայաստանի արտաքին գործընկերները մանրամասն կը տիրապետեն Հայաստանի տնտեսա-քաղաքական համակարգին ու անոր առանձին ներկայացուցիչներու բնոյթին ու գործունէութեան:

ԱՄՆ նոր օրէնքով «Մակնիցքիի Ցուցակ»ի ընդլայնումը ու նախագահին տրուած լիազօրութիւնները ահազանգ են հայկական կաշառուած համակարգի համար: ԱՄՆ-ն կը հետեւի Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան դէմ «պայքարին» եւ պատրանքներ չունի թէ անոր ելքի, թէ այդ համակարգի ներկայացուցիչներու հանդէպ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment