Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սան Փեթերսպուրկի Մէջ Կայացաւ ՀԱՊԿ Գագաթնաժողովը

Սան Փեթերսպուրկի Մէջ Կայացաւ ՀԱՊԿ Գագաթնաժողովը

by MassisPost

Սան Փեթերսպուրկ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին ու Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին որուն մասնակցի էր նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տիմիդրի Պեսքով յայտարարեց, որ նստաշրջանի ընթացքին ՀԱՊԿ գլխաւոր  քարտուղարի պաշտօնի համար կը դիտարկուին մի քանի թեկնածութիւններ, բայց դեռ որոշում ընդունուած չէ:

2003-էն ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը կը զբաղեցնէ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Նիքոլա Բորդիւժան:

Երկու ամիս առաջ երեւանեան գագաթնաժողովի ժամանակ կը նախատեսուէր, որ ռազմաքաղաքական դաշինքի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Հայաստանի ներկայացուցիչը, սակայն նիստի աւարտին յայտնի դարձաւ, որ հարցը դուրս եկած է օրակարգէն: Նախագահ Սարգսեան յայտարարած է, որ գլխաւոր քարտուղարի փոփոխութեան հարցը պիտի քննարկուի Սան Փեթերսպուրկ կայանալիք գագաթնաժողովին:

Համաշխարհայնացման եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Ստեփան Գրիգորեան վստահ է, որ Հայաստան մի քանի թեկնածու չէր ներկայացնէր, իսկ Պեսքովի յայտարարութիւնը, ըստ քաղաքագէտի, կը վկայէ այն մասին, որ ռազմաքաղաքական կազմակերպութեան մէջ լուրջ խնդիրներ կան:

Փեթերսպուրկեան հաւաքին Պելառուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուկաշենկօ չի մասնակցիր, հաստատած է Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տիմիդրի Պեսքով՝ աւելցնելով, որ Պելառուսի ղեկավարի բացակայութիւնը չի խոչընդոտէր նախատեսուած փաստաթուղթերու ստորագրման:

Ստեփան Գրիգորեանի կարծիքով, Ատրպէյճանի հետ սերտ ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններու մէջ գտնուող Պելառուսի ղեկավարի բացակայութիւնը կրնայ կապ ունենալ Հայաստանի ներկայացուցիչի ընտրութեան հետ:

Այսօր Փեթերսպուրկ տեղի ունեցած է նաեւ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստը: Կը հաղորդուի, որ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու նախագահները ստորագրած են ԵՏՄ մաքսային նոր օրէնսգիրքը:

Յաջորդ տարուան յուլիսէն ուժի մէջ մտնող օրէնսգրքով կը նախատեսուի պարզեցնել միութեան անդամ երկիրներու միջեւ մաքսային վարչարարութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment