Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Դոկտ. Սեդա Տատոյեան Պիտի Ներկայացնէ Վերլուծում մը Հայ Վիճակի Մասին

Դոկտ. Սեդա Տատոյեան Պիտի Ներկայացնէ Վերլուծում մը Հայ Վիճակի Մասին

by MassisPost

Փրոֆեսոր եւ փիլիսոփայ Դոկտ. Սեդա Տատոյեան պիտի ներկայացնէ իր նոր լոյս տեսած երկլեզու գիրքը՝ « 2015 Հայ Վիճակը Յետահայեցութեամբ և Նախահայեցութեամբ` Վերլուծում մը »՝ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11 ին, 2016, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Ապրիլ Գրատուն  –   415 E. Broadway, Glendale, CA:

Ներկայացումը պիտի կատարուի Հայերէն։  Հեղինակը պիտի ներկայացնէ Մարգ Չենեանը անգլերէնով։

Գլխաւորաբար լայն հանրութեան նաև մտաւորականութեան ուղղուած այս աշխատութիւնը քննական վերարժևորում մըն է հայ վիճակին, այսպէս կոչուած հայկական բաներու և հայագիտական հարցերու, յետահայեցութեամբ դէպի անցեալը և նախահայեցութեամբ դէպի ապագան։ Յետահայեցութիւնը կամ յետատեսութիւնը հասկացողութիւնն է անցեալին պատահած դէպքերուն նշանակութեան։ Անիկա չ՛ենթադրեր կատարեալ տեսողութիւն, սակայն պայման է ըմբռնելու դէպքերու պատճառները, թէ ի՞նչ կարելի էր ընել և թէ ի՞նչ են պատմութեան դասերը։ Նախահայեցութիւնը հմտութիւն է ապագային նայելու անցեալին և ներկային յստակ հասկացողութեան վրայ հիմնուած։ Նաև, կացութիւնը բարելաւելու նպատակով և քաջութեամբ, անիկա կարողութիւնն է նախատեսելու դէպքերու ուղղութիւնը նախ քան իրենց պատահիլը։ Բոլոր պարագաներուն՝ բանալին քննական-վերլուծողական մօտեցումն է։

Դոկտ. Սեդա Տատոյեան ը առաջին կինն է որ ստացած է Փիլիսոփայութեան մէջ ԳիտութիւններուԴոկտորի աստիճանը՝ մասնագիտանալով հայ փիլիսոփայութեան մէջ: Ունի նաև վկայականներ արուեստի պատմութեան մէջ և նկարիչ է: Տատոյեան շատ յաճախ մասնակցած է միջազգային համաժողովներու և կը խօսի համալսարաններու մէջ հայագիտական և այլ նիւթերու մասին: Իր մտաւորական գործունէութեան առանցքը կը կազմէ հայ մշակոյթին և պատմութեան քննական վերարժեւորումը իրենց փոխ-յարաբերութեանց ընդմէջէն: 1980ականներէն իվեր անիկա կ’աշխատի նաև հայ-իսլամական յարաբերութեանց անմշակ մարզին վրայ և մասնաւորաբար հայոց պատմական փորձառութեան՝ իսլամական աշխարհին մէջ: 2005էն ի վեր Տատոյեան կ’ապրի Նիւ Եորք, կը գրէ հայերէնով և անգլերէնով: Կ’աշխատակցի իսլամական և միջ-կրօնական հանրագիտարաններուն, հեղինակն է աւելի քան յիսուն լայն ուսումնասիրութեանց, ինը հատորներու և երկու խմբագրական-հեղինակային աշխատանքներու։

Մուտքը ազատ / Հիւրասիրութիւն: Կազմակերպուած Ապրիլ Գրատան կողմէ.
###
Տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել՝ Ապրիլ Գրատուն (818) 243-4112, [email protected]

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment