Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ձերբակալուած է Ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» Թերթի Գլխաւոր Խմբագիր Մուրատ Սապունճուն

Ձերբակալուած է Ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» Թերթի Գլխաւոր Խմբագիր Մուրատ Սապունճուն

by MassisPost

Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Անգարայի մէջ յատուկ գործողութիւն իրականացուցած է ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» թերթի աշխատակիցներու դէմ, կը գրէ «gazeteduvar.com.tr» կայքը: Խուզարկման ենթարկուած են թերթի տնօրէնի, խմբագիրներու եւ շարք մը սիւնակագիրներու տուները: Աղբիւրի համաձայն` կ’ուսումնասիրուի անոնց` «Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն» խմբաւորման եւ 15 յուլիսի յեղաշրջման գլխաւոր կազմակերպիչ համարուող Ֆեթհուլլա Կիւլէնի շարժման հետ հնարաւոր կապը:

Ոստիկանները այցելած են թերթի գլխաւոր խմբագիր Մուրատ Սապունճուի եւ գրող Կիւրայ Օզի տուները: Մուրատ Սապունճուն ձերբակալուած է:

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քեմալական Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Սէլինա Տողան կուսակցութեան միւս անդամներուն հետ գացած է «Ճումհուրիյէթ» պարբերականի շէնք` զօրակցութիւն յայտնելու պարբերականի աշխատակիցներուն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս», Տողան դատապարտած է երկրին մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ իրականացուող գործողութիւններն ու մասնաւորապէս քեմալականներու թերթը համարուող «Ճումհուրիյէթ»-­ի լրագրողներուն ձերբակալութիւնները:

«Անհրաժեշտ է, որ բոլորս հաւաքուինք այստեղ եւ տէր կանգնինք օրէնքին: Մինչեւ վերջ հետեւողական պիտի ըլլանք, որ մեր գրողները վատ վերաբերմունքի չարժանանան, որ օրէնքի գերակայութիւնը գործէ նաեւ անոնց համար: «Ճումհուրիյէթ» պարբերականը Հանրապետութեան պահապան ամենահիմնական կառոյցներէն է: Հիմնադրումէն ի վեր պայքարած է յեղաշրջումներու դէմ: Նմանօրինակ միջամտութիւնը ապացոյց է այն բանի, որ այս երկրին մէջ ոչ մէկ ընդդիմադիր ձայն կը հանդուրժեն»,­- ըսած է Տողան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment