Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արթուր Սաքունց՝ Սերժ Սարգսեանը Այս Նշանակումներով Բանակը Վերածեց Բաղրամեան 26-ի Պահակախումբի

Արթուր Սաքունց՝ Սերժ Սարգսեանը Այս Նշանակումներով Բանակը Վերածեց Բաղրամեան 26-ի Պահակախումբի

by MassisPost

Կառավարութեան փոփոխութիւնները արդեօ՞ք կը սպասարկեն ներքին սպասումները, եւ որքանո՞վ այս փոփոխութիւնները կ′առնչուին արտաքին ուժային կեդրոններու ցանկութիւններուն եւ կը սպասարկեն այդ կեդրոններու աշխարհաքաղաքական շահերը:

ՀՔԱ Վանաձորի գրասենեակի ղեկավար, իրաւապաշտպան՝  Արթուր Սաքունցի խօսքով՝ Սէյրան Օհանեանը կը կատարէր ոչ միայն պաշտպանութեան նախարարի, այլ նաեւ արտաքին քաղաքականութեան գործառոյթները, անոր հեռացնել եւ այնպիսի մարդկանց նշանակել, որոնք ընդհանրապէս որեւէ գործառոյթ չեն իրականացուցած, ընդհակառակը՝ ձախողած են, եւ արտաքին գործերու նախարարին թողել նոյն տեղը. այս հանգամանքը միայն մէկ արտաքին ուժային կեդրոնի՝ Մոսկուայի ցանկութեան բաւարարումն է:

«Սերժ Սարգսեանը լուծեց երկու խնդիր: Կառավարութեան, վարչապետի փոփոխութեամբ սեփական իշխանութիւնը ամրապնդելու, իր նման պետերէն տարանջատելու խնդիրը լուծեց՝ դուրսէն տղայ բերաւ ներքին պետերու վրայ, որովհետեւ ներքին աղբիւրները բաւարար չէին, որ այդ պետերուն վերահսկէ, բայց միաժամանակ կարեւոր այն դիրքերուն մէջ, որոնք արտաքին ուժային կեդրոններու  տեսանկիւնէն նշանակութիւն ունին, նշանակեց մարդկանց, որոնք Կրեմլի կարիքներուն բաւարարման տեսակէտէն ընդունելի են:

Պէտք է ընդունիլ, որ Նալպանտեանը բացարձակապէս ձախողեցուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը, եւ նոյնիսկ ապրիլեան իրադարձութիւններէն յետոյ, երբ պէտք է մեր դեսպանատները շատ աշխոյժ աշխատէին, պատերազմական իրադարձութիւններու իրական պատկերը այդ երկիրներուն մէջ ներկայացնելու համար: Մեր դիւանագիտական կառոյցներուն մէջ բացարձակապէս անգործութեան վիճակ է: Եւ այս մարդուն վերանշանակումը միայն մէկ բան կրնայ վկայել՝ ան կը հանդիսանայ այն կերպարը, որ ձեռնտու է Կրեմլին»,- նշեց Ա. Սաքունցը:

Անոր հաւաստմամբ՝ Մարտ 1-ին, 00-38 գաղտնի հրամանով հակասահմանադրական զօրքերու ղեկավարը կը հանդիսանայ Եուրի Խաչատուրովը:

«Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ բացայայտ երեւցաւ, որ միակ կառոյցը, որ կը շարունակէր պետական նշանակութեան խնդիրները լուծել, բանակն էր:

Բանակը միշտ ալ մասնակցած է ներքին խնդիրներու լուծման: Բայց բանակը, այդքանով հանդերձ, կը լուծէր պետական նշանակութեան խնդիր, նոյնիսկ ԱԱԾ-ն չի լուծէր այդ խնդիրը: Ոստիկանութիւնը կը լուծէ բացառապէս իշխանութեան անվտանգութիւնը ապահովող խնդիր: Սերժ Սարգսեանը այս նշանակումներով բանակը վերածեց Բաղրամեան 26-ի պահակախումբի: Բանակին կը զրկէ պետական կարեւոր պաշտօնները կատարելու ուղղուածութենէն:

Երբ խայտառակ ձախողած մարդուն կը նշանակես Գլխաւոր շտապի պետ, իսկ պաշտպանութեան նախարար կը նշանակես քու աշխատակազմի ղեկավարը, այս մեծ հարուած է բանակին: Պաշտպանական համակարգը, որպէս պետական նշանակութեան համակարգ, վտանգի տակ կը դրուի այս նշանակումներով:

Այս նշանակումներով Ս. Սարգսեանը կ′ապահովէ առաջին հերթին իր անձնական իշխանութեան ապահովման խնդիրը, երկրորդը՝ կը տարանջատէ զինք իր քաղաքական յենարանը հանդիսացող պետերէն, որովհետեւ անոնց պահանջները կատարելու նախկին գործող ծրագիրները այլեւս չեն կրնար աշխատիլ աղբիւրներու անբաւարարութեան պատճառով:

Եւ այս փակուղային իրավիճակին մէջ, որ իր վարած քաղաքականութեան հետեւանքով ստեղծուած է, Ս. Սարգսեանը կը փորձէ ոչ թէ Հայաստանի փրկութեան հարցերը լուծել, այլ լուծել իր սեփական իշխանութեան պահպանման հարցերը»,- նշեց Արթուր Սաքունցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment