Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Սարի Թաղի Բնակիչներու Բողոքի Ցոյց ԱԺ-ի Դիմաց

Սարի Թաղի Բնակիչներու Բողոքի Ցոյց ԱԺ-ի Դիմաց

by MassisPost

«Թոյլ պիտի չի տանք, որ քար նետելու համար 5-էն 10 տարի դատապարտուին մեր հարազատները»,- յայտնեցին Սարի թաղի բնակիչները, որոնք այսօր առաւօտեան հաւաքուած էին Ազգային ժողովի դիմաց՝ պահանջելով ազատ արձակել իրենց հարազատները:

Խօսքը յուլիսի 19-ին, Սարի թաղի քաղաքացիներու եւ ոստիկանութեան միջեւ տեղի ունեցած բախումներ ու մասին է, որմէ յետոյ բերման ենթարկուած էին, ապա կալանաւորուած՝ Սարի թաղի շուրջ տասը բնակիչներ:

Հարազատները կը պնդեն, որ Սարի թաղը երեք օր շարունակ հոսանքազրկուած էր, չկար նոյնիսկ խմելու ջուր ու հասարակական փոխադրամիջոցները չէին աշխատէր, տղաները ընկերային խնդիր բարձրացուցած են, անոնք «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբի հետ որեւէ առնչութիւն չեն ունեցած։

«Ես ինքս կալանաւորի մայր եմ՝ Յարութիւնի մայրն եմ, ամբողջ Սարի թաղի գազը, հոսանքը, փոխադրամիջոցը, ամէն ինչէն ամբողջ թաղամաս մը զրկած էին՝ իբր թէ մեր ժողովուրդի անվտանգութեան համար, եւ այդ ձեւով ապրիլ անհնար էր։ Տղաները դուրս եկած էին բողոքի, բայց կը պարզուի, որ մեր իրաւունքները ապահովել կարելի է միայն ծեծկռտուքի միջոցով, որը շատ լաւ կազմակերպեցին իրաւապահ օրգանները», – ըսաւ Նազելի Թորոսեանը։

Սարի թաղի բնակիչները նամակ հասցէագրեցին ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանին, այնուհետեւ պաստառներով իջան դէպի կառավարութեան շէնք՝ հանդիպում պահանջելով նորանշանակ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ:

Անոնց, սակայն, ընդունեց կառավարութեան աշխատակազմի դիմում-բողոքներու ընդունման բաժնի պետ Ալեքսանդր Ղազարեանը: Հանդիպումը անցաւ փակ դռներու ետեւ: Հանդիպումէն յետոյ բնակիչները ըսին, որ վաղը իրենք կ′երթան Գլխաւոր դատախազութեան շէնք։

Յիշեցնենք, յուլիս 19-ին, Սարի թաղի մէջ, ոստիկանները փակած էին ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդ տանող ճանապարհը։ Մի քանի ժամ բանակցութիւններէ յետոյ ոստիկաններու ու բնակիչներու միջեւ տեղի ունեցած էին բախումներ: Համացանցին վրայ տարածուած տեսանիւթին մէջ կ′երեւի, որ սարիթաղցի խումբ մը երիտասարդներ, նաեւ՝ տարեցներ, սկիզբը բանավէճի, ապա՝ քաշքշուքի մէջ մտած են ոստիկաններու հետ, այնուհետեւ սկսած են քարերով ու տարբեր առարկաներով հարուածել անոնց:

Դէպքէն յետոյ ոստիկանութիւնը հաղորդած է, որ չորս ոստիկան այդ բախումներուն ստացած մարմնական տարբեր վնասուածքներով հիւանդանոցագրուած են:

Հարազատները կը պնդեն՝ կալանաւորուած 10 սարիթաղցիներուն Քրէական օրէնսգրքի 316 յօդուածի 2-րդ մասով առաջադրուած է մեղադրանք՝ իշխանութեան ներկայացուցչի կեանքի, կամ առողջութեան համար վտանգաւոր բռնութիւնը՝ կապուած անոնց կողմէն իրենց ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու հետ, որ կը պատժուի ազատազրկմամբ՝ 5-է 10-ը տարի ժամկէտով:

Բնակիչները կը պնդեն՝ այդ օրը վէճը հրահրած են ոստիկանները։ «Տեսահոլովակը, որ անոնք հիմք ընդունած են եւ տասը հոգի ձերբակալած են, եթէ նայիք, կը տեսնէք, որ զէնքը նախ ոստիկանները կը հանեն, որմէ յետոյ բուն կռիւը կը սկսի ու որոշակի մարդիկ քարեր կը նետեն, այդ ինքնապաշտպանական միջոց էր»,- ըսաւ ձերբակալուածներէն Յարութիւն Թորոսեանի քոյրը՝ Լուսինէ Թորոսեանը։

Բնակիչները յայտնեցին, յուլիս 29-ին, Սարի թաղ տեղի ունեցած բախումներէն տուժած տուներու վնասները վերականգնուած են: Այս փաստեց նաեւ քաղաքապետարանի հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատուութեան վարչութեան պետը։

«Քաղաքապետը եղաւ այնտեղ, խոստացաւ, յանձնարարականներ տրուեցան, ոչ միայն Սարի թաղի, այլեւ Խորենացի փողոցի մէջ, պատուհան, դուռ վնասուած, որոնց վերականգնման պահով, տարուած են աշխատանքներ։ Կ′ուզեմ անպայման նշել, որ այդ աշխատանքները տարուած են ոչ համայնքային ելեւմուտի միջոցներու հաշուին, անոնք եղած են մասնաւոր միջոցներով»,- ըսաւ Արմէն Գէորգեանը։

Սարիթաղցիները կը խոստանան, եթէ ազատ չ′արձակուին իրենց հարազատները, իրենք շուրջօրեայ բողոքի ցոյցեր կը սկսին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment