Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳԱԱ-ն եւ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանը Համագործակցութեան Յուշագիր Կնքած են

ԳԱԱ-ն եւ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանը Համագործակցութեան Յուշագիր Կնքած են

by MassisPost

Սեպտեմբեր 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ՀՀ ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքը՝ ի դէմս ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանի՝ մէկ կողմէ, եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը՝ ի դէմս նախագահ Վերապատուելի Դոկտոր Փոլ Հայտոսդեանի՝ միւս կողմէ, կնքեցին համագործակցութեան յուշագիր:

Կարեւորելով այն հանգամանքը, որ յուշագրի կնքումը նոր մեծ լիցք կը հաղորդէ եղած գործակցութեան ու տարուող աշխատանքներուն՝ կողմերը պայմանաւորուեցան իրականացնել համատեղ հետազօտութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ, կազմակերպել համատեղ գիտաժողովներ եւ սեմինարներ, առցանց կլոր սեղաններ, մշակել եւ իրականացնել համատեղ կրթական ծրագրեր, մասնագէտներու փոխանակում եւայլն:

Շնորհաւորելով կողմերուն համագործակցութեան նոր ձեւաչափով հայագիտութեան պահպանութեան ուղղուած աշխատանքներու մեկնարկի առթիւ՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան վստահութիւն յայտնեց, որ յուշագրի կնքումը պիտի նպաստէ Հայաստան-Սփիւռք գիտական եւ կրթական կապերու ամրապնդման, ժամանակակից հայկական Սփիւռքի խնդիրներու գիտական ուսումնասիրութեան, սփիւռքագիտութեան ոլորտին մէջ երիտասարդ շրջանակներու պատրաստման, վերապատրաստման, մասնագիտական կատարելագործման, փորձի փոխանակման:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը բարձր գնահատեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Փոլ Հայտոսդեանի դերը՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծառայութիւններ մատուցելու, մատղաշ սերունդի, երիտասարդութեան ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ ձեռք բերած յաջողութիւններուն, մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման ու ճանաչման նպաստելու, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան նպաստելու գործին:

Նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով պարգեւատրեց Փոլ Հայտոսդեանին՝ համոզմունք յայտնելով, որ Հայկազեան համալսարանի նախագահը իր ճկուն եւ հեռատես քաղաքականութեամբ կը շարունակէ Մերձաւոր Արեւելքի մշակոյթներու խառնարան համարուող Լիբանանի մէջ բարձր պահել հայ գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի մտքի համբաւը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանը: Ան բարձր գնահատեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աւանդը հայաստանեան եւ Սփիւռքի հայագիտական կեդրոններու միջեւ կապերու ամրապնդման եւ սերտացման գործին:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Փոլ Հայտոսդեան: «Ինծի համար միշտ ոգեւորիչ է տեսնել Սփիւռքի նախարարութեան աշխուժ գործունէութիւնը, որուն արդիւնքներէն մէկն ալ այս յուշագրի ստորագրումն է, – նշեց ան՝ աւելցնելով, – շնորհակալ եմ նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւին արժանացնելու համար: Հայկազեան համալսարանի առաքելութիւնները բազմաթիւ են, բայց անոնցմէ գլխաւորը կը համարեմ հայապահպանութիւնը: Արդէն իսկ ծրագրեր ունինք ՀՀ ԳԱԱ հայագիտական հիմնարկներու հետ համագործակցաբար կազմակերպել հայագիտութեան զարգացման խթանող գիտաժողովներ, կ′ընդլայնենք փորձի փոխանակման եւ շրջանակներու պատրաստման, վերապատրաստման նոր հնարաւորութիւնները»:

Ելոյթ ունեցան ՀՀ ԳԱԱ Գրականութեան, Արուեստի եւ Արեւելագիտութեան հիմնարկներու տնօրէններ Վարդան Տեւրիկեանը, Արարատ Աղասեանը եւ Ռուբէն Սաֆրաստեանը եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տաքէսեանը՝ ընդգծելով նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը հայագիտութեան զարգացման գործին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment