Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դաւիթ Տոնոյեան ՝ «Իսկանդեր M»-ի Հեռահարութիւնը Բաւարար է՝ Խոցելու Հակառակորդի Քննադատական Նշանակութեան Առարկաները

Դաւիթ Տոնոյեան ՝ «Իսկանդեր M»-ի Հեռահարութիւնը Բաւարար է՝ Խոցելու Հակառակորդի Քննադատական Նշանակութեան Առարկաները

by MassisPost

Անկախութեան 25-ամեակի զօրահանդէսի ժամանակ ցուցադրուած «Իսկանդեր M» հրթիռային համալիրները «Հայաստանի Հանրապետութեան սպառազինութիւնն է, որ ձեռք բերուած է մեր ելեւմտային ծախսերու հաշուին»: Այդ մասին յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանը:

Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի Զինուած ուժերը ամբողջութեամբ կը վերահսկեն այդ համալիրները, եւ աւելցուց․- «Մօտակայ ժամանակ Դուք անով կը համոզուիք: Այսինքն՝ ոչ կիրառման առումով, պատրաստութեան ծրագրերու առումով»:

«Ռուսական աղբիւրներէն մէկուն մէջ նշուած էր, որ «մեր հայ բարեկամներու համար մենք տրամադրած ենք «Իսկանդեր M» տեսակը, որ շուրջ 500 քիլոմեթր շառաւիղով կրնայ խոցել Ազրպէյճանի ցանկացած մաս, քաղաք»,- այս դիտարկման Տօնոյեան արձագանքեց․- «Մեր դաշնակից Ռուսիոյ իշխանութիւնները ռազմագիտական համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ չեն խախտած որեւէ հրթիռային գիտութիւններու սահմանափակման կամ համաձայնագրերու որեւէ կէտ: Այն, ինչ որ մենք ունինք, չի խախտէր որեւէ համաձայնագիր Ռուսիոյ, նաեւ՝ Հայաստանի պարտաւորութիւն»:

Իսկ «Իսկանդեր M»-ի հեռահարութիւնը, ըստ պաշտպանութեան փոխնախարարին, «բաւարար է, որպէսզի խոցուին հակառակորդի, ցանկացած հակառակորդի քննադատական նշանակութիւն ունեցող առարկաներ»:

Անոր խօսքով՝ «հայկական Զինուած ուժերուն մէջ շատ լուրջ վերազինում կ′իրականացուի, ընթացիկ է այդ վերազինումը»:

«Ոչ մէկ սահմանափակում գոյութիւն չունի Հայաստանի Հանրապետութեան համար ռազմական նշանակութեան արտադրանքի ձեռքբերման, ազատականացուած է այդ շուկան: Ուղղակի գոյութիւն ունին որոշ սահմանափակումներ Եւրամիութեան անդամ երկիրներու եւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու՝ չմատակարարման վիճելի տարածաշրջաններ, ուր որ կան ճգնաժամեր եւայլն»,- յայտարարեց Դաւիթ Տօնոյեանը՝ շարունակելով․- «Այդ սահմանափակումներն են, որ որոշակի մեզ, մեր համագործակցութիւնը նեղ միջանցքներու մէջ կը պահէ: Բայց ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ կամ ՀԱՊԿ երկիրներու հետ ռազմագիտական համագործակցութեան, այդտեղ մենք ամբողջութեամբ ազատ ենք, եւ ես կը կարծեմ՝ այն սպառազինման ցուցադրութիւնը այնքան ալ համահունչ չէ մեր տնտեսական զարգացման: Եւ Ռուսիա, մասնաւորապէս, կը կատարէ իր դաշնակցային պարտաւորութիւնները մեր հետ ռազմական գիտութիւններու <առումով> ․․․»:

«Ատրպէյճանական բանակին մէջ կան նոր զինատեսակներ, անոնք հիմնականին այդ T-90 թանկերն են, եւ վերջին շրջանին անոնք բաւական մեծ քանակութեամբ զէնքեր ձեռք բերած են: Հիմա, ըստ էութեան, այս նոր հրթիռային համալիրներու ձեռքբերումով մենք ունինք առաւելութիւն այդ ամէնուն նկատմամբ՝ կրնա՞նք այդպէս ըսել»,- այս հարցին ալ Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարարը պատասխանեց․- «Մենք կը խօսինք տարբեր մակարդակներու վերաբերեալ, այսինքն՝ կայ մարտավարական, գործնական-մարտավարական, ռազմավարական մակարդակի խնդիր: Այն ձեռքբերումները, որոնք Ազրպէյճանը այս պահին յագեցուցած է այն ռազմական գիտութեամբ, չունի առաւելութիւն մեր նկատմամբ, բայց, եւ ընդհանրապէս, այսօրուան ռազմարուեստի խնդիրները աւելի շատ կը լուծուին մեր զինծառայողներու, յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու բարձր պատրաստուածութեան հաշուին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment