Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Արդարութիւն Հայաստան մէջ» Ստորագրահաւաքին Մինչեւ Այսօր Շուրջ 2 Հազար 300 Մարդ Միացած է

«Արդարութիւն Հայաստան մէջ» Ստորագրահաւաքին Մինչեւ Այսօր Շուրջ 2 Հազար 300 Մարդ Միացած է

by MassisPost

Սփիւռքի շարք մը գործիչներ, որոնց կարգին են յայտնի ռոք երաժիշտ Սերժ Թանկեանը, դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը, կինոռեժիսոր Ատոմ Էկոեանը նախաձեռնած են «Արդարութիւն Հայաստանի մէջ» վերնագրով ստորագրահաւաք change.org կայքին վրայ, կոչ ընելով Հայաստանի իշխանութիւններուն փոփոխութիւններ ձեռնարկել արդարադատութեան եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտներուն մէջ:

«Մենք ոչ կ′ըսենք կաշառակերութեան, մենիշխանութեան, դատական անհաւասարութեան, ոստիկանութեան դաժանութիւններուն, կուսակցութիւններուն կառչած քաղաքական գործիչներուն, անհաւասար իրաւունքներուն, ազգային բնակչութեան կրճատման, կեղծուած ընտրութիւններուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը յանգեցնէ շարունակական անհնազանդութիւններու»,- ըսուած է ստորագրահաւաքի բնագրին մէջ, որուն տակ արդէն ստորագրած է շուրջ 2 հազար 300 մարդ:

Ստորագրահաւաքի նախաձեռնողները կոչ կ′ընեն իշխանութիւններուն՝ ապրիլին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ապահովել թափանցիկութիւն, օրինականութիւն եւ կը յայտարարեն, որ մտադիր են ապրիլին ժամանել Հայաստան եւ տեղւոյն վրայ հետեւիլ ընտրութիւններու ընթացքին։

«Այս քաղաքական նախաձեռնութիւն չէ, ես որեւէ կուսակցութեան անդամ չեմ, նախաձեռնողներէն ոչ մէկը կուսակցական չէ, մենք ընդամէնը կ′ուզենք, որ Հայաստանի մէջ հաստատուի ժողովրդավարութիւն: Միայն հայաստանցիներն են ընտրողները, մենք ընդամէնը կ′ըսենք, որ հայաստանցի ընտրողներու իրաւունքները պահպանուին։ Միակ բանը, որ մենք՝ Սփիւռքի ներկայացուցիչներս կրնանք ընել՝ հետեւիլ, որ այդ ընտրութիւնները արդար անցնին եւ մարդիկ Հայաստանի մէջ ընդունին այդ ընտրութիւններու արդիւնքները»,- ըսաւ գանատահայ յայտնի կինոռեժիսոր Ատոմ Էկոյեանը:

Մինչդեռ հայաստանեան շարք մը քաղաքական գործիչներ արդէն միացած են այս ստորագրահաւաքին. սեպտեմբեր 22-ին, ստորագրահաւաքին միացած է «Համախմբում» կուսակցութեան առաջնորդ, Հայաստանի նախկին արտ.գործ.նախարար՝ Վարդան Օսկանեանը, իսկ սեպտեմբեր 23-ին՝ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննիսեանը:

Նախաձեռնութեան հեղինակները կ′ըսեն, որ գաղափարը ծնած է յուլիսին։ «Ձերբակալութենէն յետոյ հազիւ տուն հասայ, զանգեցի Ատոմին՝ տեղեկացնելու, որ ամէն ինչ բնական է, իսկ երկրորդ զանգս՝ Սերժ Թանկեանինն էր՝ ըսելու, որ պէտք է բոլորս հաւաքուինք»,- ըսաւ Արսինէ Խանճեանը՝ շարունակելով.- «Երեք ժամերուն, որ անցուցի բանտին մէջ, մտածեցի, թէ ո՞րն է իմ պատասխանատուութիւնը, ինչո՞ւ այստեղ եմ, ինչո՞ւ ձերբակալուած եմ ու ըսի, որ ես ալ մաս կը կազմեմ այդ ժողովուրդին, եւ այդ օրը ինչ որ պատահեցաւ ինծի հետ, ազգի հետ պատահեցաւ»։

«Արսինէ Խանճեանը ընտրութիւններու օրերուն Հայաստան պիտի ըլլայ, ես ալ կը փորձեմ գալ Հայաստան ապրիլին, Սփիւռքի շարք մը ներկայացուցիչներ նոյնպէս պիտի գան Հայաստան, ներկայ պիտի ըլլան, փողոցը պիտի ըլլան, ցոյց պիտի տան, որ կը հետեւին ընտրութիւններուն, որ այս կարեւորագոյն հնարաւորութիւն է Հայաստանի համար։ Շատ կարեւոր է, որ այս քննարկումները կ′անցնին ապրիլեան ընտրութիւններուն ընդառաջ»,- ըսաւ Ատոմ Էկոյեանը։

Գանատահայ յայտնի կինոռեժիսորը շեշտեց, որ իրենք յեղափոխութեան կոչ չեն ընէր.- «Մենք կ′ըսենք ընդամէնը՝ եկէք յարգենք մեր Սահմանադրութիւնը, ուր նշուած է, որ Հայաստանը ժողովրդավարական պետութիւն է»։

Արսինէ Խանճեանն ալ աւելցուց, որ նախաձեռնողները, որպէս Սփիւռքի ներկայացուցիչներ, չունին քաղաքական նախապատուութիւններ։ «Սփիւռքը կարող է մասնակից դառնալ գործնական ձեւով, այսինքն՝ ֆիզիկապէս գալով եւ ներկայ գտնուելով անկախ պայմաններով, առանց որեւէ կուսակցութեան օժանդակութեան», – ըսաւ Արսինէ Խանճեանը։

Ապրիլեան ընտրութիւններու օրերուն Սերժ Թանկեանը Հայաստան կ′ըլլա՞յ, թէ՞՝ ոչ, կախեալ է անկէ, թէ ինչ զարգացումներ կը ստանայ այս նախաձեռնութիւնը:

Սեպտեմբեր 23-ին, Սերժ Թանկեանը գրած է, կու գայ Հայաստան, եթէ զգայ որ իր ներկայութիւնը կը նպաստէ դրական փոփոխութիւններու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment