Հայաստանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը յայտարարեց, որ պիտի չկարողանայ գործադրութեան դնել Ընտրական Օրէնսգրքով նախատեսուած փոփոխութիւնները` «Տեխնիկական» պատճառներով: իշխանութեան, ընդդիմադրութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու միջեւ, ամիսներու վրայ երկարող բանակցութիւններէ ետք գոյացած էր համաձայնութիւն` 2017-ի Մայիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին նոր միջոցներու օգտագործման ուղղութեամբ:
Վերջին քսան տարիներուն Հայաստանի մէջ կազմակերպուած բոլոր ընտրութիւնները յատկանշուած են լայնածաւալ կեղծիքներով, իսկ յայտարարուած արդիւնքներուն դէմ ժողովուրդի դժգոհութիւնը դրսեւորուած է բողոքի ցոյցերով եւ իշխանութիւններու օրինականութեան մերժումով:
Երկար ժամանակէ ի վեր ընդդիմութիւնը կը պահանջէ, քուէարկութեան մասնակցած քաղաքացիներու անուանացանկերու հրապարակումը, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխել երկրէն արտագաղթածներու փոխարէն տեղի ունեցող քուէարկութիւնները:
Մինչեւ այժմ իշխանութիւնները յամառօրէն կը մերժեն ցուցակներու հրապարակումը: Տրուած պատճառաբանութիւնը միշտ նոյնն է. ցուցակներու հրապարակումը անհատի գաղտնիութեան իրաւունքի խախտում կը նկատուի, հակառակ որ, ժողովրդավարական շատ մը երկիրներու մէջ կիրառուող պարագայ մըն է:
Այս սկզբունքային մերժումին կառչած մնալով, իշխանութիւնները առաջարկեցին կիրառել ընտրական քարտերու եւ բոլոր տասը մատներու մատնահետքերու օգտագործումը, պայմանաւ որ նախատեսուած 16 միլիոն եւրոյի ծախսերուն համար գումար ապահովուի:
Այժմ, երբ եւրոպական կառոյցները պատրաստակամութիւն յայտնած են տրամադրելու այդ գումարը, իշխանութիւնները նոր հնարքներու դիմելով կը խախտեն նախկին պայմանաւորուածութիւնները:
«Սասնայ Ծռերու» խումբի կողմէ զինեալ միջոցներու օգտագործումը դատապարտող եւ միմիայն քուէատուփերու միջոցաւ փոփոխութիւններու հասնելու մասին խրատներ տուող իշխանութիւնները, նախ եւ առաջ պէտք է ապահովեն ընտրական գործընթացի թափանցիկութիւնը ու այդ ընելու համար անհրաժեշտ է խօսքէն անցնիլ գործի:
«ՄԱՍԻՍ»