Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ Երեւանեան Գրասենեակ. Ուժի Անհամաչափ Կիրառման Մեղադրանքները Պէտք Է Լիարժէք Հետաքննուին

ԵԱՀԿ Երեւանեան Գրասենեակ. Ուժի Անհամաչափ Կիրառման Մեղադրանքները Պէտք Է Լիարժէք Հետաքննուին

by MassisPost

«Ազատութեան» հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատեն Սարի թաղի մէջ՝ Յուլիս 29-ի ուշ երեկոյեան, ոստիկանութեան կողմէ ցուցարարներու նկատմամբ յատուկ միջոցներու գործադրումը, ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակին կողմէ պատասխանած են, որ իրաւապահ մարմինները «պէտք է խուսափեն ուժի կիրառումից կամ, երբ դա հնարաւոր չէ, նուազագոյնի հասցնել դրա կիրառումը՝ ներառեալ անօրինական, բայց խաղաղ հաւաքների դէպքում»։

«Այն դէպքում, երբ ուժի կիրառումն աւելին է, քան պէտք է այդ հանգամանքներում, իրաւապահները պէտք է ենթարկւեն քաղաքացիական կամ քրէական պատասխանատւութեան, ինչպէս նաեւ կարգապահական պատժամիջոցի: Համապատասխան իրաւապահ մարմնի անձնակազմը եւս պէտք է ենթարկւի պատասխանատւութեան, եթէ չի միջամտել այն դէպքերում, երբ նմանատիպ միջամտութիւնը կարող էր կանխել այլ աշխատակիցների կողմից անհամաչափ ուժի կիրառումը», – յայտնած է գրասենեակէն ստացուած պատասխանին մէջ:

ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակը կը յայտնէ, որ կ՛ակնկալէ Սարի թաղի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն շուրջ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ նախաձեռնուած հետաքննութեան արդիւնքները:

«Չափազանց կարեւոր է, որպէսզի ուժի անհամաչափ կիրառման, ինչպէս նաեւ չհիմնաւորուած կամ խտրական ձերբակալութիւնների վերաբերեալ մեղադրանքները ենթարկւեն անաչառ, լիարժէք եւ անյապաղ հետաքննութեան եւ մեղաւորները ենթարկւեն պատասխանատւութեան», – ըուած է պատասխանին մէջ:

Յիշեցնենք, Յուլիս լոյս 30-ի գիեշերը ոստիկանւթիւնը յատուկ միջոցներ կիրառեց Ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդի տարածքը գրաւած զինուած խումբին աջակցող ցոյցը Սարի թաղի մէջ եւ Խորենացի փողոցի վրայ ցրելու նպատակով, որուն ընթացքին եղան տասնեակ վիրաւորներ, բերման ենթարկուածներ, վնասուեցան տուներ։ Յարձակման ենթարկուեցան եւ տուժեցին նաեւ իրադարձութիւնները լուսաբանող լրագրողներ:

Գրասենեակը, վկայակոչելով ԵԱՀԿ մամուլի ազատութեան գիծով ներկայացուցիչ Տունիա Միատովիչը կը նշէ, որ լուսաբանումը կանխելու նպատակով լրագրողներու սարքերն գրաւելու, վնասելու կամ ջարդելու փորձը քրէական յանցանք է, եւ մեղաւորները օրէնքին համապատասխան  պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment