Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան. «Հայերը Վախի Մէջ Կ՛ապրին Թուրքիոյ Պետական Յեղաշրջման Փորձէն Ետք»

Կարօ Փայլան. «Հայերը Վախի Մէջ Կ՛ապրին Թուրքիոյ Պետական Յեղաշրջման Փորձէն Ետք»

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հետ «Թերթ»ը հարցազրոյց մը կատարած է Յուլիս 15¬ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած պետական յեղաշրջման փորձի տապալումէն ետք տիրող իրավիճակին մասին:

Փայլան ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգային փոքրա մասնութիւնները եւ ընդդիմադիր համարուող մարդիկ վախի մէջ կ՛ապրին, քանի որ կը հալածուին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ: Ան յիշած է օրինակը Պոլսոյ քաղաքապետարանի Արուեստի ու մասնագիտական կրթութեան կեդրոնին մէջ դասաւանդող հայազգի Արի Հերկելին, որ պաշտօնազրկուած էր վերջերս` Կիւլենի շարժումին հետ կապեր ունենալու ամբաստանութեամբ:

«Այս մթնոլորտին մէջ հայերը բնականաբար վախով կ՛ապրին», ըսած է Փայլան:

Ան նշած է, թէ իր կուսակցութեան ղեկավարութիւնը քանի մը անգամ փորձած է կապ հաստատել Էրտողանի եւ այլ կուսակցութիւններու հետ, բայց Էրտողան մերժած է քրտամէտ կուսակցութեան հետ հանդիպիլ: «Այս կը նշանակէ, թէ անոնք (իշխանութիւնները) դասեր չեն քաղած յեղաշրջման փորձէն», աւելցուցած է ան:

«Իշխանութեանց այս մօտեցումը ապագային նկատմամբ յուսատու չէ, որովհետեւ թուրքերը լաւ յարաբերութիւններու մէջ չեն հայերու, քիւրտերու եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու հետ: Այս կը նշանակէ, թէ ազգայնական եւ Էրտողանի բռնատիրական մօտեցումը տիրապետող պիտի ըլլայ պետութեան մէջ», ըսած է Փայլան:

Ան նաեւ յայտնած է, թէ դատարանը տակաւին չէ պատասխանած թուրք ազգայնամոլներուն դէմ իր բացած դատին կապակցութեամբ:

Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացումէն անմիջապէս ետք, ազգայնամոլները ցոյց կազմակերպած էին Պոլսոյ մօտ Գերմանիոյ հիւպատոսարանին դիմաց` պոռալով. «Լաւագոյն հայը մեռա՛ծ հայն է»:

Պատասխանելով ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը` Փայլան ըսած է, որ Թուրքիա Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները կը բարելաւէ, որպէսզի Արեւմուտքին ցոյց տայ, թէ ունի այլընտրանքներ, յատկապէս այն միջոցին, երբ Էրտողան Արեւմուտքի մէջ անբաղձալի տարր մը դարձած է:

Միւս կողմէ, «Էրմենիհապեր« կը հաղորդէ, թէ Փայլան պոլսահայ այլախոհ լրագրող Հայկօ Պաղտատի անձնագիրը առանց հիմնաւորումի գրաւելու փաստին առնչութեամբ գրաւոր դիմում ներկայացուցած է ներքին գործոց նախարարու թեան:

Պաղտատի անձնագիրը գրաւուած էր անոր Պոլիս վերադարձին, Աթաթիւրքի անուան օդակայանին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment