Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Յունաստանի Վարչապետ․ Թուրքիոյ Թշնամական Պահուածքի Մասին Տեղեկացուցած Ենք ՆԱԹՕ-ին եւ ԱՄՆ-ին

Յունաստանի Վարչապետ․ Թուրքիոյ Թշնամական Պահուածքի Մասին Տեղեկացուցած Ենք ՆԱԹՕ-ին եւ ԱՄՆ-ին

by MassisPost

Վերջին շրջանին Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Եգիական  ծովին մէջ մեծցած լարուածութիւնը տեղափոխուած է ՆԱԹՕ-ի հարթակ։ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիպրասը Թուրքիոյ մեղադրած է թշնամական պահուածքի համար։ Ան տեղեկացուցած է, որ Յունաստանը Թուրքիոյ դէմ բողոք ներկայացուցած է ՆԱԹՕ-ին եւ ԱՄՆ-ին։

Ցիբրաս ընդգծած է, որ իրենք չեն հանդուրժեր Յունաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած յարձակումները եւ յիշեցուցած, որ Յունաստանի սահմանները միեւնոյն ժամանակ 28 անդամ ունեցող Եւրոմիութեան սահմաններն են։

«Մենք ՆԱԹՕ-ին եւ ԱՄՆ-ին ներկայացուցած ենք վերջին շրջանին Թուրքիոյ սադրիչ գործողութիւնները։ Յունաստանը խաղեր խաղցող երկիր չէ։ Մեր ուղերձը շատ յստակ է եւ միշտ ալ այդպէս կ’ըլլայ։ Յունաստանը երբեք չի հանդուրժեր սեփական տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ ուղղուած եւ ոչ մէկ բռնութիւն», – ըսած է վարչապետը։

Պրիւքսէլի մէջ գտնուող Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Փանոս Քամմենոսը եւս յայտարարած էր, որ  իրավիճակի մասին տեղեկացուցած է ՆԱԹՕ-ին եւ ԱՄՆ-ին։ Ան ընդգծած էր, որ օրեր առաջ  Եգիական  ծովուն մէջ յունական եւ թրքական ռազմածովային ուժերու նաւերու բախումը պատահականութիւն չէր, ինչի վերաբերեալ ապացոյցներ ներկայացուցած է Պրիւքսէլի մէջ։

Իսկ Եւրոխորհրդարանի փոխնախագահ եւ Սիրիզա կուսակցութեան պատգամաւոր Տիմիթրիոս Փափատիմոուլիսը իր թվիթերեան միքրօպլոկին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ հետեւեալ գրառումը կատարած է․ «Թրքական կառավարութեան թշնամական յայտարարութիւնները որեւէ կերպ չեն կրնար նպաստել Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վստահութեան եւ համագործակցութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու զարգացման։ Բարի-դրացիական յարաբերութիւններն ու երկու երկիրներու շահերը կը պարտադրեն յարգանք ցուցաբերել միջազգային իրաւունքի նկատմամբ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment