Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Հայ-Ռուսական Զօրախումբի Համաձայնագրին

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Հայ-Ռուսական Զօրախումբի Համաձայնագրին

by MassisPost

Հայաստանի Կառավարութիւնն այսօր հաւանութիւն տուաւ հայ-ռուսական միացեալ զօրախումբի համաձայնագիրը վաւերացնող օրէնքի նախագիծին:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարներ Վիգէն Սարգսեան եւ Սերկէյ Շոյկու անցեալ տարուայ 30 Նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ կնքեցին երկու երկիրներու զինուած ուժերու միացեալ խմբաւորման ստեղծման մասին համաձայնագիրը:

Ըստ փաստաթուղթին, միացեալ խմբաւորման խնդիրն է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դէմ զինուած յարձակման անմիջական նախապատրաստման ժամանակին բացայայտումն ու անոր ետ մղումը:

Համաձայնագիրը կը մանրամասնէ, որ զօրախումբի խնդիրներէն են՝ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պետական սահմանի ցամաքային մասի պաշտպանութիւնը, այդ թուին` ՀԱՊԿ ուժերու եւ միջոցներու հետ համատեղ, օդատիեզերական տարածութեան մէջ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պետական սահմանի ծածկապաշտպանութիւնը, հակաօդային պաշտպանութիւնը, զբաղեցուցած շրջաններու, տեղանքի սահմանագիծի, դիրքերու եւ կառոյցներու պահումը, երկու երկիրներու զինուած ուժերու փոխգործակցութեամբ հակառակորդի ներխուժած զօրքերու խմբաւորումներու ջախջախումը եւ այլն:

Միացեալ խմբաւորման կառավարման համար պիտի ստեղծուի միացեալ հրամանատարութիւն, զոր պիտի գլխաւորէ միացեալ խմբաւորման հրամանատարը: Վերջինս պիտի նշանակուի եւ պաշտօնանկ յայտարարուի Հայաստանի զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարին կողմէ, համաձայնեցնելով Ռուսիոյ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարին հետ:

Խաղաղ ժամանակ միացեալ խմբաւորման հրամանատարը կ’ենթարկուի Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետին, իսկ ներթափանցման անմիջական սպառնալիքի ժամանակաշրջանին եւ պատերազմի ժամանակ, ստեղծուող իրավիճակէն կախուած` Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետին կամ Ռուսիոյ հարաւային ռազմական գունդի զօրքերու հրամանատարին՝ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարներու որոշմամբ:

Հայ-ռուսական միացեալ զօրախումբի համաձայնագրի վաւերացման գործընթացը Ռուսիոյ մէջ աւելի շուտ մեկնարկած է: 14 Յուլիսին համաձայնագիրը վաւերացուցած է Ռուսիոյ խորհրդարանի ստորին պալատը՝ Պետտուման, իսկ երէկ նոյնը ըրաւ վերին պալատը՝ Դաշնութեան խորհուրդը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment