Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՏՄ-էն Դուրս Գալու Կոչեր Ընողները Յստակ Այլընտրանք Պէտք է Առաջարկեն. Շարմազանով

ԵՏՄ-էն Դուրս Գալու Կոչեր Ընողները Յստակ Այլընտրանք Պէտք է Առաջարկեն. Շարմազանով

by MassisPost

Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ, ԵԱՏՄ), ըստ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան խօսնակ Էդուարդ Շարմազանովին, զուտ քաղաքական որոշում չէ եղած, այլ եղած է յստակ տնտեսական հաշուարկներով ամրագրուած քաղաքական որոշում։

«Եթէ կան քաղաքական ուժեր, ովքեր ԵՏՄ-ից դուրս գալու կոչեր են անում, աւելի լաւ կը լինի ոչ թէ զգացմունքային հարթութեան վրայ խօսեն, այլ կոնկրետ այլընտրանք առաջարկեն եւ փաստեր։ Մենք, երբ որ որոշում ենք կայացրել անդամակցել ԵՏՄ-ին, մենք յստակ հաշուարկներ ենք կատարել՝ թէ ինչ կը շահի մեր գիւղացին, ինչ կը շահի մեր ներդրողը, ինչ կը շահի տուրիզմը, տնտեսութիւնը», – երէկ Հանրապետականի գործադիր մարմնի նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Շարմազանով, նշելով, որ Հայաստան միացած է 170 միլիոննոց շուկային։

«Մենք աւելացրել ենք 23 տոկոս արտահանումը, որի առիւծի բաժինն արտահանուում է ԵՏՄ երկրներ, մինչեւ 30 տոկոս աւելացել է զբօսաշրջիկների թիւը։ Մենք չպէտք է կատարենք քաղաքական լոկ յայտարարութիւններ՝ առանց լուրջ հիմնաւորումների», – ըսած է Ազգային ժողովի փոխնախագահը։

Յիշեցնենք, որ Յունիսի 1-էն Ռուսիոյ մէջ ուժի մէջ մտած է Երթեւեկութեան միջոցներ վարելու թոյլտուութեան մասին նոր օրէնքը, ըստ որուն, կ’արգիլուի Ռուսիոյ մէջ օտարերկրեայ, այդ թուին՝ Հայաստանի վարորդական իրաւունքներով ձեռնարկատիրական եւ աշխատանքային գործունէութիւն իրականացնել։

«Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էդմոն Մարուքեան յայտարարեց, որ օրէնքը կը հակասէ ԵՏՄ աշխատուժի ազատ տեղաշարժի սկզբունքին: Ընդդիմադիր պատգամաւորը նշեց, որ դիմած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի աշխատակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեանին, առաջարկելով քայլեր ձեռնարկել ԵՏՄ համաձայնագրի կիրառումն ապահովելու եւ ՀՀ քաղաքացիներու շահերը պաշտպանելու ուղղութեամբ: Մարուքեան յայտարարած է նաեւ, որ Հայաստան պէտք է ԵՏՄ-էն դուրս գալու գործընթաց սկսի։

Նշենք, որ օրերս Եւրասիական տնտեսական միութիւնը (ԵԱՏՄ) պաշտօնական Մոսկուային առաջարկած է օտարերկրեայ վարորդական իրաւունքի արգիլման աղմկայարոյց օրէնքը չտարածել դաշինքի անդամ երկիրներուն վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment