Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուի Դատարանը 3 Տարուայ Ազատազրկման Դատապարտեց Ալեքսանդր Լափշինը

Պաքուի Դատարանը 3 Տարուայ Ազատազրկման Դատապարտեց Ալեքսանդր Լափշինը

by MassisPost

Պաքուի դատարանն այսօր երեք տարուայ ազատազրկման դատապարտեց յայտնի ինթերնեթի լրագրող, Ռուսիոյ, Իսրայէլի եւ Ուքրանիոյ քաղաքացի Ալեքսանդր Լափշինը՝ Ղարաբաղ այցելելու, Ատրպէյճանի պետականութեան դէմ կոչեր հնչեցնելու համար:

Նշենք, որ մեղադրող կողմը պահանջած էր վեցուկէս տարուայ ազատազրկում։

«Ես մեղաւոր եմ Ատրպէյճանի ժողովուրդին առջեւ միայն անոր համար, որ իմ գործողութիւններս ատրպէյճանցիներուն ցաւ պատճառած են։ Ես կը հասկնամ, թէ որքան կարեւոր է Ղարաբաղը Ատրպէյճանին համար։ Ես որեւէ ձեւով յանցաւոր կապի մէջ չեմ մտած Հայաստանի կառավարութեան հետ», – ըստ «Interfax»ի, իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ըսած է Լափշին, աւելցնելով. – «Յոյսով եմ, որ ղարաբաղեան խնդիրը կը կարգաւորուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ»։

Լափշինի փաստաբանը դատարանին խնդրած է արդարացնել լրագրողը։ Լափշին իր հերթին ինքզինք մեղաւոր չէ ճանչցած, ըսելով, որ իր այցը Ղարաբաղ զուտ զբօսաշրջիկական ճամբորդութիւն էր եւ որեւէ քաղաքական ենթահող չունէր։

Լապշինի փաստաբանը գոհ է դատավճռից։ Ան չի բացառել, որ Լափշինին արտայանեձնեն Ռուսաստան, Իսրայէլ կամ Ուկրանիա։

«Արտայանձնումը հնարաւոր է, Ատրպէյճանի օրէնսդրութիւնը անոր հնարաւորութիւնը կու տայ՝ միջազգային նորմերուն համաձայն։ Անոր համար անհրաժեշտ է, որ այդ երկիրներէն գոնէ մէկը դիմէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ Լափշին նման ցանկութիւն յայտնէ», – ըսած է փաստաբանը, նշելով, որ դեռ այս հարցը չէ քննարկուած։

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքով այսօր յայտարարած է, որ Քրեմլին Լափշինի գործին եւ անոր հնարաւոր արտայանձնման չի հետեւիր։ «Այս Քրեմլինի թեման չէ», – ըսած է Փեսքով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment