Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն ու Հնդկաստանը կը Քննարկեն Ռազմաթեխնիքական Համագործակցութեան Հարցեր

Հայաստանն ու Հնդկաստանը կը Քննարկեն Ռազմաթեխնիքական Համագործակցութեան Հարցեր

by MassisPost

Հայաստանն ու Հնդկաստանը կը քննարկեն երկկողմ ռազմաթեխնիքական համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր: Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին, այս մասին ըսած է այցով Հայաստան գտնուող՝ Հնդկաստանի փոխնախագահ Մուհամմատ Համիտ Անսարին: «Ասոնք հարցեր են, որ երկու երկիրներու ղեկավարները կը քննարկեն՝ հիմք ընդունելով համատեղ պահանջները»,- աւելցուցած է Հնդկաստանի փոխնախագահը:

Նշենք, որ Հնդկաստանի հետ լարուած յարաբերութիւններ ունեցող Փաքիստանը ընդգրկուն ռազմաթեխնիքական համագործակցութիւն ունի Ատրպէյճանի հետ: Անցած տարուան Հոկտեմբերին Պաքու կը գտնուէր Փաքիստանի վարչապետ Նաւազ Շարիֆը: Վերջինիս հետ բանակցութիւններ վարելէ ետք, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած էր․ «Կ’ուզենք Փաքիստանէն ձեռք բերել ամենաժամանակակից, բարձր   արհեստագիտական սպառազինութիւն: Այս հարցի վերաբերեալ լիակատար համաձայնութեան հասած ենք»:

Փետրուարին Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատ այցելութեան ժամանակ Իլհամ Ալիեւն ու Նաւազ Շարիֆը շարունակած են ռազմաթեխնիքական համագործակցութեան շուրջ բանակցութիւնները, պաշտօնապէս յայտարարած էին, որ կողմերը համաձայնութիւն ձեռք բերած էին փաքիստանեան ռազմաարդիւնաբերական համալիրի արտադրանքի գնման վերաբերեալ: Մանրամասներ չէր հաղորդուած, թէեւ անցած տարուան սեպտեմբերին՝ Հայաստանի անկախութեան 25-րդ տարեդարձի առթիւ Երեւանի մէջ կայացած զօրահանդէսէն ետք, որու ժամանակ ցուցադրուած էին «Իսքանտեր» հրթիռային համալիրներ, լրատուամիջոցները գրած էին, որ Փաքիստանի աջակցութեամբ Ատրպէյճանը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ  պալիստիկ հրթիռներու սեփական արտադրութիւնը հիմնելուն:

Հնդկաստանի փոխնախագահ Մուհամմատ Համիտ Անսարիի՝ 24 Ապրիլին մեկնարկած հայաստանեան եռօրեայ պաշտօնական այցի ծիրէն ներս երեքշաբթի, Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ հանդիպման ընթացքին, բարձրաստիճան հիւրը ընդգծած էր․ «Հնդկաստանը ունի կարողութիւններ եւ պատրաստ է անոնք կիսել Հայաստանի հետ թէ՛ ճարտարագիտութեան, թէ՛ մեքենաշինութեան, թէ՛ տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու, թէ՛ առողջապահութեան, այդ շարքին՝ դեղագործութեան, թէ՛ գիւղատնտեսութեան եւ  շարք մը այլ ոլորտներու մէջ»:

Անսարիին ընդունած է նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Նախագահի վարչակազմի մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ, «զրուցակիցները երկուստեք համակարծիք են եղել, որ հազարամեակների պատմութիւն ունեցող հայ-հնդկական յարաբերութիւններն ամուր հիմք են միջպետական կապերի ամրապնդման եւ տարբեր ոլորտներում համագործակցութեան օրակարգն ընդլայնելու համար»:

Այս ամէնով հանդերձ, սակայն, հայ-հնդկական առեւտրատնտեսական փոխգործակցութեան ծաւալները չնչին են: Ըստ, Ազգային վիճակագրական ծառայութեան, անցած տարի երկկողմ առեւտուրը կազմած է ընդամէնը 20,8 միլիոն տոլար կամ Հայաստանի ողջ արտաքին առեւտուրի 0,4 տոկոսը: Համաշխարհային դրամատան վերջին տուեալներով՝ 2015 թ․ Հնդկաստանի բնակչութիւնը աւելի քան 1 միլիառ 311 միլիոն էր, իսկ տնտեսութեան ծաւալը՝ 2 թրիլիոն 91 միլիառ տոլար: Այս թիւը կը գերազանցէ ամբողջ Եւրասիական տնտեսական միութեան տնտեսութեան ընդհանուր ծաւալը բնութագրող ցուցանիշը:

Երէկ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, դասախօսներու եւ ուսանողներու հետ հանդիպման ընթացքին, Հնդկաստանի փոխնախագահին հարց տրուած է՝ ի՞նչ հեռանկար կը տեսնէ Հայաստանի միջոցաւ ԵՏՄ-ի հետ յարաբերութիւնները խորացնելու համար: «Երէկ օրուայ մեծ մասը անցուցինք Հայաստանի ղեկավարութեան հետ քննարկելով, թէ ինչպէս կրնանք առաջ մղել մեր երկու երկիրներու միջեւ առկայ համագործակցութիւնը:

«Այդ համագործակցութիւնը, ինչպէս ես ու Հայաստանի ղեկավարութիւնը  կը պատկերացնէ, մէկ ուղղութեամբ համագործակցութիւն չէ: Պիտի օգտագործենք այս կամ այն միութեան, երկկողմ ու բազմակողմ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս առկայ բոլոր միջոցները՝ առաջ մղելու համար մեր շահերուն համապատասխանող համագործակցութիւնը»,- պատասխանած է Հնդկաստանի փոխնախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment