Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին առթիւ, Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայաշատ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան պահանջատիրութեան նուիրուած տարբեր տեսակի միջոցառումներ:
Տասնեակ հազար հայերու մասնակցութեամբ, Լոս Անճելոսի մէջ այս տարի եւս տեղի ունեցաւ «Արդարութեան Քայլաշարշաւ», նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Միացեալ Մարմնին եւ մասնակցութեամբ հայկական 18 գլխաւոր կազմակերպութիւններուն:
Առաւօտեան ժամը 11:00-ին համաժողովրդային մէկտեղում-հաւաքն սկսաւ «Փան Փասիֆիք» զբօսայգիին մէջ, ներկայութեամբ հայ չորս հոգեւոր առաջնորդներու, քաղաքական ղեկավարներ եւ եւ տասնեակ հազարաւոր հայորդիներու: Այստեղ հայ ժողովուրդը արդար դատին ի նպաստ զօրակցական ելոյթներով հանդէս եկան Լոս Անճելոսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, քաղաքապետական Խորհուրդի անդամներ Փոլ Գրիգորեան եւ Տէյվիտ Ռիու:
Այնուհետեւ արդարութեան քայլարշաւն սկսաւ անցնելով Ողջակիզման թանգարանի (Holocaust) առջեւէն եւ Պէվըրլի Հիլզի գլխաւոր պողոտաներէն երկու քիլոմեթր ճամբան կտրելով, ցեղասպանութիւնը դատապարտող լոզունգներով ու պաստառներով հասաւ թրքական հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ: Այստեղ գործադրուեցաւ պահանջատիրական յայտագիր մը, որ սկսաւ չորս հոգեւոր առաջնորդներու հաւաքական «Հայր Մեր» երգեցողութեամբ եւ ապա ԱՄՆ եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Հայ ժողովուրդի անժամանցելի արդար դատին եւ ցեղասպանութեան դատապարտման պահանջատիրական ելոյթներ ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչները՝ Սիլվա Խաչիկեան, Ռաֆֆի Համբարեան եւ Արմիկ Խոտանեան: Իսկ Երիտասարդութեան պատգամն ուղղեց Ռաֆֆի Ուրֆալին:
Ելոյթներու ընթացքին եւ աւարտին բազմահազար ամբոխը, որուն մէջ, կը նշմարուէին նաեւ ասորիներ, յոյներ եւ այլ ազգերու, ներկայացուցիչներ հայրենասիրական եւ ցեղասպանութիւնը դատապարտող վանկարկումներ կատարեցին: Անոնք կը դատապարտէին Արցախի ազատատենչ ժողովուրդին վրայ կատարուած ազերիներու բարբարոսական արարքները:
Պահանջատէր հայ ժողովուրդի անյետաձգելի դատին ի նպաստ կուռ ելոյթներ ունեցան Գոնկրէսի անդամ Ատամ Շիֆ, Գալիֆորնիոյ փոխ կառավարիչ Գալին Նիում, Լոս Անճելոս քաղաքապետութենէն Փոլ Քորենց եւ Լոս Անճելոսի դպրոցներու Խորհուրդի նախագահ Սթիվ Զիմմըր:
Փոխն ի փոխ պատշաճ ելոյթներ ունեցան օրուան հանդիսավարներ Հրաչ Աւետեան եւ Լարա Արմանի: Իսկ գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին երգիչներ Ժոզէֆ Գրիգորեան, Արմէնչիկ, Մարիա Գօզեթ եւ Յարութ Բամպուքճեան:
Այս տարուան քաղաքական այս մեծագոյն հանրահաւաքէն ետք հայութիւնը թեւակոխած է նոր հանգրուան մը: Ասկէ ետք շեշտը պիտի դրուի հատուցման պահանջներուն վրայ, թէ° թրքական եւ թէ° միջազգային ատեաններու միջոցով:
*******
Միացեալ Հայ Երիտասարդացի Միջոցառումը
երիտասարդական Միացեալ Մարմնի կողմէ Ապրիլի 23ին, կ.ե. ժամը 6:00ին Կլենտէյլի Քաղաքապետարանին կից տարածքին վրայ, կազմակերպուած էր մոմավառութեան եւ հսկումի արարողութիւն:
Յաջորդ օրն ալ Ապրիլի 24ին, առաւօտեան ժամը 10:00ին Լոս Անճելոսի «Լիթըլ Արմենիա» թաղամասին մէջ կայացաւ բազմամարդ քայլարշաւ, որուն ներկայ եղան եւ խօսք առին պետական պաշտօնական անձնաւորութիւններ: